16 Յուլիսին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ, նախագահական թեկնածու Բակօ Սահակեան այցելած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակ եւ հանդիպում ունեցած Կեդրոնական կոմիտէին հետ:

Հայաստանի մէջ Տաթեւի վանական համալիրը Հալիձոր գիւղին  կապող«Տաթեւեր» ճոպանուղին արդէն կը գործէ շուրջ երկու տարի: Ինչպէս ծանօթ է, մէկ լարի վրայ գործող, 5.7 քիլոմեթր երկարութեամբ՝  աշխարհի մէջ ամէնէն երկար ճոպանուղին կը համարուի Հայաստանի «Տաթեւի ճոպանուղին»:

Համազգայինի 19-րդ ուսանողական Ֆորումի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ 14 Յուլիս 2012-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին, ներկայութեամբ՝ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Փափազեանին:

Երեւանի Ս. Զօրաւոր եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցած է շարժապատկերի «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի աշխատանքներուն առընթեր: Հոգեհանգիստ կատարուած է շարժապատկերի աշխարհի երեք երախտաւորներու՝ Միքաէլանճելօ Անթոնիոնիի, Թոնինօ Կուէարայի եւ յոյն մեծահռչակ բեմադրիչ Թէոտորս Անկելոփուլսի յիշատակին:

«Ոսկէ Ծիրան» երեւանեան միջազգային շարժապատկերի  9-րդ փառատօնը մօտեցաւ եզրագիծին. յայտնի դարձան յաղթողներու  անունները: «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝  միջոցառման սկիզբին  աշխարհահռչակ լեհ բեմադրիչ  Ագնեշկա Հոլանտը ստացաւ փառատօնի «Փարաճանովեան թալլեր» յատուկ  մրցանակը: Գլխաւոր մրցանակին՝  «Ոսկէ  Ծիրանին» արժանացաւ պելառուս բեմադրիչ  Սերգէյ Լոզնիցայի «Մշուշի մէջ» ֆիլմը, իսկ «Արծաթէ ծիրանը» յանձնուեցաւ Անկա Սանտալին՝ «Հեռուից սիրուն է երեւում» կինոնկարի համար: