Երեւանի Ս. Զօրաւոր եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան յատուկ արարողութիւն տեղի ունեցած է շարժապատկերի «Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի աշխատանքներուն առընթեր: Հոգեհանգիստ կատարուած է շարժապատկերի աշխարհի երեք երախտաւորներու՝ Միքաէլանճելօ Անթոնիոնիի, Թոնինօ Կուէարայի եւ յոյն մեծահռչակ բեմադրիչ Թէոտորս Անկելոփուլսի յիշատակին:


Ներկայ գտնուած են փառատօնի կազմակերպիչ կոմիտէի նախագահ Յարութիւն Խաչատրեանը եւ անդամներ, որոնք յիշատակած են մեծանուն բեմադրիչներու գործն ու աւանդը:
Մշակոյթի նախարարութեան մրցանակներ
Շարժապատկերի փառատօնի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ փառատօնի պատուաւոր  հիւրեր Վատիմ Աբդռաշիտովի, Էլդար Շենգելայի եւ Յանուշ Գազդանի պարգեւատրումը՝ ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւի յանձնումով: Մետալները յանձնեց ՀՀ մշակոյթի նախագահ Յասմիկ Պօղոսեանը:
Յանուշ Գազդան բազմաթիւ յօդուածներու հեղինակն է՝ Սերգէյ Փարաճանովի կեանքի ու ֆիլմերու մասին: