Հայաստանի մէջ Տաթեւի վանական համալիրը Հալիձոր գիւղին կապող«Տաթեւեր» ճոպանուղին արդէն կը գործէ շուրջ երկու տարի: Ինչպէս ծանօթ է, մէկ լարի վրայ գործող, 5.7 քիլոմեթր երկարութեամբ՝ աշխարհի մէջ ամէնէն երկար ճոպանուղին կը համարուի Հայաստանի «Տաթեւի ճոպանուղին»:
Հայաստան այցելող զբօսաշրջիկներու մեծ մասը, կը փափաքի այցելել եւ մօտէն տեսնել ճոպանուղին, կատարելու համար 11 վայրկեան տեւող «թռիչքը»:
Ինչպէս կը հաստատեն Տաթեւի վանքի մատակարարողները՝ ճոպանուղիի գործարկումէն ի վեր՝ քառապատկուած է վանքի եւ շրջակայ գիւղերու մէջ այցելուներու թիւը: