16 Յուլիսին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ, նախագահական թեկնածու Բակօ Սահակեան այցելած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի գրասենեակ եւ հանդիպում ունեցած Կեդրոնական կոմիտէին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են ներքաղաքական, ընկերային-տնտեսական, Լեռնային Ղարաբաղի շրջաններուն մէջ վերաբնակեցման, մարդուժի եւ վարկային քաղաքականութեան վերաբերեալ հարցեր:
Նախագահ Սահակեան կարեւորութեամբ անդրադարձած է երկրին մէջ տիրող բարոյահոգեբանական մթնոլորտին եւ շեշտած, որ այս իմաստով մեծ ներդրում ունի ՀՅ Դաշնակցութիւնը: «Մենք երկար տարիներ կը զգայինք ատոր անհրաժեշտութիւնը», հաստատած է Սահակեան:
Նախագահը նշած է նաեւ, որ երկրին մէջ չկայ մարզ մը, ուր Դաշնակցութիւնը ընելիք չունենայ՝ աւելցնելով, որ ինք կ՛ակնկալէ ՀՅԴ-ի օժանդակութիւնը: «Ոչ թէ ցանկալի, այլ պարտադիր է, որ ՀՅԴ-ն մասնակցութիւն ունենայ երկրի բոլոր մարզերու զարգացման գործին մէջ»:
ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան յաջողութիւն մաղթած է նախագահական թեկնածու Բակօ Սահակեանին թէ՛ ընտրութիւններուն եւ թէ՛ հետագայ գործունէութեան ընթացքին՝ յոյս յայտնելով, որ յետընտրական հանգրուանը ըլլայ հեզասահ եւ քաղաքակիրթ զարգացումներով լի:
Հանդիպման մասնակցած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղե-կատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դ. Բաբայեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի գործավար Ա. Պուլուզեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Ապառաժ» թերթի խմբագիր Ս. Խաչատրեան: