«Ոսկէ Ծիրան» երեւանեան միջազգային շարժապատկերի  9-րդ փառատօնը մօտեցաւ եզրագիծին. յայտնի դարձան յաղթողներու  անունները: «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝  միջոցառման սկիզբին  աշխարհահռչակ լեհ բեմադրիչ  Ագնեշկա Հոլանտը ստացաւ փառատօնի «Փարաճանովեան թալլեր» յատուկ  մրցանակը: Գլխաւոր մրցանակին՝  «Ոսկէ  Ծիրանին» արժանացաւ պելառուս բեմադրիչ  Սերգէյ Լոզնիցայի «Մշուշի մէջ» ֆիլմը, իսկ «Արծաթէ ծիրանը» յանձնուեցաւ Անկա Սանտալին՝ «Հեռուից սիրուն է երեւում» կինոնկարի համար:


«Լաւագոն վաւերագրական ֆիլմ» կարգին մէջ  «Արծաթէ ծիրանը» ստացաւ  ռուս բեմադրիչ Ալեքսէյ Վախրուշեւի «Թունտրայի գիրքը» ֆիլմը, իսկ «Ոսկէ ծիրանը»՝ Էմաթ Պուրնաթի «Հինգ կոտրուած տեսախցիկ»-ը:
«Եթէ բոլորը» եւ համշէնահայ բեմադրիչ  Օզճան Ալփերի «Ապագան յաւերժ է» ֆիլմերը  արժանացան միջազգային անձնաւորութիւններէ կազմուած դատական խումբի կողմէ սահմանուած մրցանակներուն:
Հայկական կինոակադեմիան իր «Անահիտ» մրցանակը շնորհեց Սիւզան Խարտալեանի «Տատիկիս դաջուածքները» ֆիլմին: Շուէտական արտադրութիւն հանդիսացող այս վաւերագրական ժապաւէնը կը ներկայացնէ ժապաւէնի հեղինակին եւ բեմադրիչին մեծ մօրը Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրելէն մինչեւ անոր Լիբանան հասնելուն պատմութիւնը։ «Խանում տատը միւսներուն նման չէր: Մանկուց զայն կը յիշեմ որպէս վատ կին: Ան կը խուսափէր ֆիզիքական կապ ունենալէ: Ան այնպիսի տատ էր, որ չէր գրկեր, չէր համբուրեր։ Եւ ձեռնոց կը դնէր՝ պահելով իր ձեռքերն ու դաջուածքները, ծածկելով իր գաղտնիքը», Սիւզան Խարտալեան այսպէս կը նկարագրէ իր մեծ մայրը՝ ժապաւէնին կեդրոնական դէմքը, որուն գաղտնիքին վրայ խարսխուած է նիւթը։
Հայաստանի կինեմատոգրաֆիստների միութեան՝  «Նուարդ» մրցանակը ստացաւ  բեմադրիչ  Կորան Ռադովանովիչը՝ «Ֆիտելի հետ, ինչ էլ որ լինի» ֆիլմի համար:
Բրիտանական խորհուրդի յատուկ մրցանակը ստացաւ «Հայկական ռապսոտիա»-ն: Հայ առաքելական եկեղեցւոյ  սահմանած մրցանակը տրուած էր մի քանի օր առաջ. ինչպէս օրին հաղորդած էինք՝ «Եղիցի լոյս»-ը շնորհուեցաւ  ռուս հանրածանօթ բեմադրիչ Ալեքսանդր Սոկուրովին:
Յուլիս 8-էն սկսած փառատօնին, այս տարի մասնակցութեան դիմում ներկայացուցած էին 1120 անձեր, աշխարհի 70 երկիրներէ: Փառատօնը այս տարի չորս մրցութային ծրագրեր պահպանեց՝  «Միջազգային խաղարկային», «Միջազգային վաւերագրական», «Հայկական համայնապատկեր» եւ «Կորիզը»:

«Ցեղասպանութեան մասին պէտք է ծանրակշիռ ֆիլմ նկարել» կ'ըսէ մրցանակակիր Ագնեշկա Հոլանտը

«Կարելի է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ծանրակշիռ ֆիլմ նկարահանել, որը  ամբողջութեամբ պիտի արտացոլայ ողբերգութեան էութիւնը» ըսած է «Ոսկէ ծիրան»ի մրցանակակիր  Ագնեշկա Հոլանտը:
«Դուք դեռ կարիք ունէք ճշմարտութեան համար մաքառելու», ըսած է ան, աւելցնելով, որ քաղաքական շատ թեմաներ պատշաճ կերպով ներկայացուած չեն արեւմտեան շարժապատկերի աշխարհէն ներս: «Նոյնիսկ բարձրագոյն կրթութեամբ մարդոցմէ  շատերը պատկերացում չունին այն մասին, թէ Խորհրդային Միութենէն ներս ի՛նչ տեղի ունեցած է 30, 40, 50-ական թուականներուն: Ասոր  մեղաւորը հիմնականօրէն  շարժապատկերն է, որ  չէ կարողացած  բաւական լաւ ներկայացնել թեման» ըսած է լեհ բեմադրիչը:

Ամերիկահայ Էրիք Խաչիկեանի ֆիլմը եւս
«Ոսկէ Ծիրան»ով կը ցուցադրուի
 
Շարժապատկերի փառատօնին կը մասնակցի Ռենտի Պէլի եւ Էրիք Խաչիկեանի «Ուղեւորութիւն Ամասիա» վաւերագրական ժապաւէնը: Անիկա ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս շուրջ դար մը  առաջ տեղի ունեցած դէպքեր մինչեւ օրս կը շարունակեն լարուած պահել թուրքերուն եւ հայերուն յարաբերութիւնը։ Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին արտայայտուած է ամերիկահայ բեմադրիչ Էրիք Խաչիկեանը:
Հայ-ամերիկեան միացեալ արտադրութիւն եղող ժապաւէնը կը խօսի Էրիք Խաչիկեանի մեծ մօր պատմութեան մասին: «Ամասիան Թուրքիոյ մէջ գտնուող քաղաք է, ուր ապաստանած է մեծ մայրս Հայոց Ցեղասպանութեան ատեն։ Ժապաւէնը կ՛անցնի անցեալի արահետներով՝ յարգանքի տուրք մատուցելով տատիկիս եւ բացայայտելով, թէ ինչպիսին եղած է անոր կեանքը Թուրքիոյ մէջ», ժապաւէնին մասին խօսելով յայտնած է անոր բեմադրիչը՝ Է. Խաչիկեան։ Անոր համաձայն,  թէեւ ինք ոգեշնչուած է մէկ ընտանիքի պատմութենէն, այնուամենայնիւ, ժապաւէնը կը ներկայացնէ համամարդկային պատմութիւն եւ ողբերգութիւն: