ՀՅԴ Հայաստանի Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութիւնը եւ ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը մամուլին տարածուած յայտարարութեամբ կը յայտնեն, թէ ՆԱԹՕէն յստակ դիրքորոշում կը պահանջուի, Գուրգէն Մարգարեանի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի ազատ արձակման գծով:


Պահանջքը պիտի ներկայացնեն այսօր  Սեպտեմբեր 5ին, ժամը 16:00, Հայաստանի նախագահական նստավայրի դիմաց, ուր այցելութեան կուգայ ՆԱԹՕի գլխաւոր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն:
Նշենք, որ Ռասմուսեն պաշտօնական այցելութիւն կը կատարէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան: