NATOի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսենի նախագահական նստավայր ժամանելուն ժամանակ երէկ, զայն «դիմաւորեցին» Հ.Յ.Դ. Հայաստանի «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական եւ երիտասարդական միութիւններու երիտասարդները:
Անոնք անգլերէնով կը վանկարկէին «Արդարութիւն»: Ոստիկանները շատ էին եւ պատ կազմած էին նախագահական նստավայրին առջեւ: Անոնք թոյլ չտուին, որ ցուցարարները մօտենան շէնքին:
Երիտասարդները բազմաթիւ պաստառներ պարզած էին՝ Ատըրպէյճանի գործողութիւնները դատապարտող:
Պաստառի մը վրայ ալ գծուած էր արտաքին գործոց նախարար Էդւարդ Նալբանդեանը, իսկ նկարին տակ գրուած է. «Քնացած դիւանագէտը իր դիրքին մէջ քնացած զինուորէն վատ է»: