ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Այս տարուան Յուլիսին webometrics.info կայքէջին հրապարակած վարկանշային ցանկին մէջ Երեւանի պետական համալսարանը Հարաւային Կովկասի համալսարաններուն շարքին գլխաւոր դիրքը կը գրաւէ։

Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, աշխարհի շուրջ 20 հազար 700 համալսարաններու վարկանշային ցանկին մէջ ԵՊՀն մտած է լաւագոյն 10 տոկոսին մէջ՝ գրաւելով 2050րդ տեղը:
Հայաստանի մէջ գործող համալսարաններէն տուեալ ցանկին մէջ երկրորդն է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը՝ 2827րդ դիրքին վրայ: Արեւելեան եւ Կեդրոնական Եւրոպայի համալսարաններու վարկանշային առանձին ցանկին մէջ ԵՊՀն կը գրաւէ 175րդ դիրքը: Վրաստանի լաւագոյն համալսարանը Ճաւճաւաձէի անուան լեզուներու եւ մշակոյթի պետական համալսարանն է, որ 2537րդ դիրքին վրայ է:  Ցանկին մէջ Ատրպէյճանի լաւագոյն համալսարանը «Կովկաս»ն է, որ կը գրաւէ 5814րդ դիրքը:

Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը
քննարկեց ոլորտի բարեփոխումները

PanARMENIAN.Net - Միջազգային խորհրդաժողովի ծիրէն ներս ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ ԱՊՀ անդամ երկիրներու, մասնաւորապէս, Ռուսաստանէն, Ղազախստանէն, Ուքրանիայէն, Պելառուսէն ժամանած բարձրագոյն կրթութեան ոլորտի պատասխանատուներուն հետ:
Ինչպէս PanARMENIAN.Net ին յայտնեցին ԿԳՆ լրատուական ծառայթենէն, Արմէն Աշոտեան ընդգծեց, որ ԱՊՀ անդամ երկիրներուն մէջ, ինչպէս  Հայաստանի մէջ, վերջին տարիներուն կþընթանան կրթական լայնածաւալ բարեփոխումներ, որոնց լիարժէք իրականացման, ըստ նախարարի, խանգարեց Համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամը. արձանագրուած են պետական ֆինանսաւորման ծաւալներու նուազում եւ համապատասխան ներդրումներու սահմանափակում:
Արմէն Աշոտեան, մասնաւորապէս, անդրադարձած է բուհերու ֆինանսաւորման մեխանիզմներու եւ ինքնավարութեան խնդիրներուն` նշելով, որ Հայաստանի մէջ այս տարի առաջին անգամ տեղի կþունենայ փորձնական ծրագիր, այն է`ՀՀ կառավարութեան որոշմամբ Հայաստանի պետական համալսարանին տրուած է հիմնադրամի կարգավիճակ, որը իր հերթին կը մեծցնէ բուհի ինքնավարութեան եւ ֆինանսական ազատութիւնները: Նախարարը անդրադարձած է նաեւ Պոլոնիայի գործընթացի` առաջիկայ երեք տարիներուն Հայաստանի նախագահութեան խնդիրներուն` նշելով, որ Հայաստան առաջին երկիրն է ԱՊՀ տարածքին մէջ, որը ստանձնած է այդ պատասխանատու առաքելութիւնը:
Արմէն Աշոտեան անդրադարձած է նաեւ ուսանողներու իրաւունքներուն՝ նշելով, որ վերջիններս ներգրաւուած են բուհերու կառավարման. գիտական խորդհուրդներու կազմին մէջ:
Հանդիպման աւարտին մասնակիցները հարցեր ուղղած են նախարարին, որոնք հիմնականին մէջ կը վերաբերին բուհերու ինքնավարութեան, ֆինանսաւորման մեխանիզմներու եւ աղբիւրներու, ինչպէս նաեւ բուհական ընդունելութեան քննութիւններուն: