Երէկ Կիրակի, 9 Սեպտեմբեր 2012-ին, Պոլսոյ մէջ աւարտեցաւ  ճատրակի միջազգային 40-րդ ողիմպիականը, երբ տեղի ունեցան 11-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:


2006-ին Թորինոյի մէջ (Իտալիա), իսկ 2008-ին Տրեստընի մէջ (Գերմանիա) աշխարհի ախոյեան հանդիսացած Հայաստան՝  երրորդ անգամ ըլլալով տիտղոսին տիրացաւ, այս անգամ Պոլսոյ մէջ: Հայրենի կազմը իր կատարած վերջին մրցումին լաւ դաս մը տուաւ Հունգարիոյ՝  արձանագրելով 2,5-1,5 արդիւնքով  յաղթանակը:

 Լեւոն Արոնեան հաւասարութիւն մը արձանագրեց Փիթըր Լեքոյի հետ, Սերկէյ Մովսիսեան յաղթեց Զոլթան Ալմասիի, Վլատիմիր Յակոբեան հաւասարեցաւ Ժուտիթ Փոլկարի հետ եւ վերջապէս Գաբրիէլ Սարգսեան հաւասարեցաւ Ֆերենք Պերքեսի հետ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք (9 յաղթանակ, 1 հաւասարութիւն եւ 1 պարտութիւն), Հայաստան ապահովեց 19 կէտ: Ռուսիա եւս նոյն արդիւնքը արձանագրելով գրաւեց երկրորդ դիրքը՝ նկատի ունենալով, որ անիկա լրացուցիչ ցուցանիշներով (թայ պրէյք) զիջեցաւ Հայաստանէն եւ տիրացաւ արծաթ մետալին: Ռուսիա իր կատարած վերջին մրցումին յաղթեց Գերմանիոյ (3-1):
Ուքրանիա, որ յաղթեց Չինաստանի (3-1), 18 կէտ ապահովելով տիրացաւ պրոնզ մետալին:
Ատրպէյճան 15 կէտով հանդիսացաւ 10-րդ:
Նշենք, որ առաջին քարատախտակին վրայ ամէնէն տպաւորիչ արդիւնքը արձանագրելով՝ Լեւոն Արոնեան տիրացաւ ոսկի մետալին, իսկ 3-րդ քարատախտակին վրայ իր կարգին լաւ արդիւնք արձանագրելով՝ Վլատիմիր Յակոբեան տիրացաւ արծաթ մետալին: 2-րդ, 4-րդ եւ 5-րդ քարատախտակներուն վրայ Հայաստան չունեցաւ մետալակիր:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց մրցումներուն, Հայաստանի աղջկանց խումբը յաղթանակով աւարտեց մրցաշարքը, երբ 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթեց Լեհաստանի: Էլինա Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան յաղթեցին, Մարիա Քուրսովա հաւասարութիւն մը արձանագրեց, մինչ Լիլիթ Կալոյեան պարտուեցաւ:
Ապահովելով մրցաշարքի իր 16-րդ կէտը (8 յաղթանակ եւ 3 պարտութիւն), Հայաստան հանդիսացաւ 6-րդ:
Ռուսիա, Չինաստան եւ Ուքրանիա, որոնք մրցաշարքը աւարտեցին առանց պարտութեան, յաջորդաբար գրաւեցին առաջին, երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը: Առաջին երկուքը ապահովեցին 19-ական կէտ, իսկ երկրորդը՝ 18 կէտ:
Նշենք, որ տղոց մրցումներուն մասնակցեցան 150 խումբեր, իսկ աղջկանց մրցումներուն՝ 127: