Հայաստանի Ազգային ժողովի Ժառանգութիւն կուսակցութեան խմբակցութեան քարտուղար Զարուհի Փոստանջեան Ազգային ժողովին մէջ  շրջանառութեան մէջ դրաւ «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ճանչնալու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին նախագիծը:


Օրէնքին ընդունումով՝  Հայաստանի կողմէ պիտի ճանչցուի Արցախի փաստացի կարգավիճակը՝ նկատի առած որ ԼՂՀ լիարժէքօրէն կը բաւարարէ ինքնիշխան պետութեան համար սահմանուած միջազգային օրէնքի բոլոր նախապայմանները։