ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Հայաստան տեղափոխուած  տարբեր ոլորտներ ներկայացնող սուրիահայ գործարարներ:

2012ի առաջին 6 ամիսներուն նուազած են ծնունդները, գաղթողները՝ աւելցած

Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը ամփոփած է Հայաստանի մէջ ժողովրդագրական վիճակի, իրաւական խախտումներու, անշարժ գոյքի, առողջապահութեան եւ բազմաթիւ այլ ոլորտներու առնչուող այս տարուան առաջին 6 ամիսներու ցուցանիշերը:

Երէկ գիշեր Երեւանի քաղաքապետի ձեռքով վառուեցան ամանորեայ կեդրոնական տօնածառի լոյսերը: Անմիջապէս ետք լուսաւորուեցան մայրաքաղաքի տարբեր շրջաններու մէջ տեղադրուած տօնական զարդերը:

Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեանը Դեկտեմբեր 19-ին ընդունեց ՀՀի մօտ Յունաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ  լիազօր դեսպան Իոաննիս Տայիսը:

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նիուզ».- 19 Դեկտեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտնած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ հաւանական է, որ մեծ թիւով պետութիւններ ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը: