ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նիուզ».- 19 Դեկտեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան յայտնած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ հաւանական է, որ մեծ թիւով պետութիւններ ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

«Չի բացառւում, որ մինչեւ 2015 թուականը բազմաթիւ պետութիւններ կը ճանաչեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը, յատկապէս այն պետութիւնները, որոնք մինչեւ օրս Հայոց Ցեղասպանութիւնը չեն ճանաչել ոչ թէ նրա համար, որ չեն ընդունում իրողութիւնը, այլ նրա համար, որ չեն ցանկացել իրենց յարաբերութիւնները փճացնել Թուրքիայի հետ», նշած է Մանոյեանը:
Խօսելով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով 2012ի ձեռքբերումներուն մասին՝ Մանոյեան ընդգծած է, որ եթէ մինչեւ այսօր կը բարձրացուէր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման հարցը, ապա այս տարի նաեւ աշխուժ կերպով խօսուած է հատուցման, հետեւանքներու վերացման հարցին մասին, զոր պէտք է մինչեւ ծայր հետապնդել։ «Հայ-թուրքական յարաբերութիւնները ոչ միայն լարուած են, այլ նաեւ այն շրջափակումը, այն վերաբերմունքը, որ Թուրքիան է ցուցաբերում Հայաստանի նկատմամբ՝ պատերազմի մէկ այլ ձեւ է: Ակնկալել, որ ինչ-որ փոփոխութիւններ առաջիկայ տարում կամ մինչեւ 2015 թուականը տեղի կ՛ունենան, կարծում եմ, իմաստ չունի: Թուրքիան ինչ-որ քայլեր ձեռնարկում է՝ ցոյց տալու համար, թէ իբր հայ-թուրքական յարաբերութիւններում ինչ-որ առաջխաղացում կայ, եւ դա կարող է աւելի ակտիւացնել առաջիկայ տարում», նշած է Մանոյեան՝ ընդգծելով, որ իսկութեան մէջ ոչ մէկ աշխոյժ գործընթաց կայ:
Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն մա-սին խօսելով՝ Մանոյեան դիտել տուած է, որ հայկական ստորագրութիւնը յետս կոչելու բոլոր տուեալներն ու հիմքերը առկայ են։ Ան հաստատած է, որ հայ-թրքական արձանագրութիւններուն նկատմամբ ՀՅԴին վերաբերմունքը միեւնոյն է, որովհետեւ անոնք Հայաստանի շահերէն չեն բխիր։ Ըստ անոր, պէտք է այդ արձանագրութիւնները դադրին գոյութիւն ունենալ, իսկ այդ մէկը ընելու միակ ձեւը Հայաստանի ստորագրութիւնը յետս կոչելն է, որովհետեւ ներկայ դրութեամբ անոնք Թուրքիոյ օգտին են: «Թուրքիան արձանագրութիւնները ղարաբաղեան գործընթացում օգտագործում է որպէս լծակ, ուստի հարկաւոր է յետ կանչել դրանք»:
Ան նաեւ դիտել տուած է, որ մինչեւ 2013ի նախագահական ընտրութիւնները հայ-թրքական արձանագրութիւններէն ստորագրութիւնները յետս չեն կոչուիր: «Հայաստանի նախագահը բազմիցս յայտարարել է, որ ֆուտբոլային դիւանագիտութիւնը եւ հայ-թուրքական արձանագրութիւնների առկայութիւնը մի շարք պետութիւնների աչքում Հայաստանի իշխանութիւնների կողմից վստահելի գործընկերոջ իմիջի ձեռքբերում է: Սակայն դա չի համապատասխանում իրականութեանը»։
Անոր համաձայն, թէ՛ Ատըրպէյճանը, եւ թէ Թուրքիան կը փորձեն քաղաքական տարբեր շրջանակներու մէջ, ուր հայկական ներկայութիւնը նուազ ազդեցիկ է, որոշ առաւելութիւններ ձեռք ձգել։ «Միւս կողմից փաստ է, որ Եւրախորհրդարանում, Եւրայանձաժողովում Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը կասկածի տակ չի դրւում: Երբ Եւրայանձնաժողովի նախագահը այցելում է Ծիծեռնակաբերդ, դա վկայում է այն մասին, որ Թուրքիայի խուճապը գնալով մեծանալու է»: