Դեկտեմբերի 19-ին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Էդվարդ Նալբանդեանը, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը եւ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեանը մասնակցեցան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի,
պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի եւ անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու համատեղ նիստին:
Քննարկուեցան եւ հաւանութեան արժանացան նույն օրը կայանալիք Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստի օրակարգն ու քննարկուելիք հարցերը, որոնք միտուած են Կազմակերպութեան եւ այդ ծիրէն ներս համագործակցութեան առաւել ամրապնդման:
Նախարարները անդրադարձան մինչեւ 2020 թ. ՀԱՊԿ ռազմական բաղադրիչի ամրապնդման ու զարգացման առնչուող շարք մը փաստաթուղթերու նախագիծերու, ինչպէս նաեւ արտակարգ իրավիճակներու մէջ հաւաքական արձագանգի համակարգի զարգացման:
ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու արտաքին գործոց ու պաշտպանութեան նախարարները, եւ անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարները քննարկեցին Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարի տարեկան զեկոյցը, տեղեկատուական բնագաւառի ծիրէն ներս համագործակցութեան, կազմակերպչական եւ ֆինանսական հարցերը:
Հանդիպման օրակարգին վրայ էր նաեւ յաջորդ տարի նախատեսուող ՀԱՊԿ-ի Ղրխզիստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւններու քննարկումը:
Նիստի աւարտին Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղարներու նախագահութիւնը Ղազախըստանէն փոխանցուեցաւ Ղրխզիստանին, յառաջիկայ տարուայ համար: