Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարած է, որ Պաքուն ապակառուցողական դիրք բռնած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման հարցով եւ կը խախտէ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները:

ՀԱՊԿ-ին Հայաստանի անդամակցութիւնը ՀՀ անվտանգութեան ապահովման համակարգի հիմնական բաղադրիչներէն մէկն է:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աշոտ Յովակիմեանը Հայաստանը ներկայացուց Պոլսոյ մէջ 15 Դեկտեմբերին գումարուած Սեւծովեան Տնտեսական համագործակցութեան երկիրներու խորհրդաժողովին:
Ժողովի աւարտին ՍԾՏՀի նախագահութիւնը Թուրքիայէն փոխանցուեցաւ Ուքրանիոյ:

Կառավարութեան նախաձեռնութեամբ հրաւիրուած խորհրդարանի երէկուան արտակարգ նիստին ընթացքին կը քննարկուէր հանրապետական պատգամաւորներ Դաւիթ Յարութիւնեանի եւ Արփինէ Յովհաննիսեանի օրէնսդրական նախաձեռնութիւնը, որով փոփոխութիւններ կ՛առաջարկուին Ազգային Ժողովի բարոյագիտական յանձնախումբի կազմին մէջ:

Հայաստանի մէջ Փետրուար 18-ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն ներկայ ըլլալու եւ ընթացքին  հսկելու նպատակով երկարաժամկէտ եւ կարճաժամկէտ դիտորդներ պիտի ընդգրկուին: