Երէկ գիշեր Երեւանի քաղաքապետի ձեռքով վառուեցան ամանորեայ կեդրոնական տօնածառի լոյսերը: Անմիջապէս ետք լուսաւորուեցան մայրաքաղաքի տարբեր շրջաններու մէջ տեղադրուած տօնական զարդերը:


Երեւանի գլխաւոր տօնածառի բարձրութիւնը 32 մեթր է, անիկա պատրաստուած է 6000 ճիւղերէ, որոնք տեղափոխուած են տարբեր մարզերէ: Տօնածառի լուսային ձեւաւորման համար օգտագործուած են աւելի քան 50.000 լուսատիոտային սարքեր, որոնց երկարութիւնը 17 քիլոմեթրէն աւելի է: Իսկ, առհասարակ, մայրաքաղաքի ամանորեայ ձեւաւորման համար օգտագործուած է աւելի քան 100 լուսատիոտային խաղալիք, լուսաւոր ձեւաւորում ստացած է շուրջ 450 ծառ, տեղադրուած է աւելի քան տասը ձեւաւոր մոմ եւ տնակ: Առնուազն երկու տեղ կը նախատեսուի տօնական թեմայով 3D ներկայացում, մէկը՝ Ազատութեան հրապարակին վրայ, ուր նաեւ Դեկտեմբեր 22-Յունուար 13 երեխաներու համար խաղահրապարակ պիտի  կազմակերպուի: Տարբեր այլ վայրերու մէջ եւս ուրախ երեկոներ պիտի կազմակերպուին:
Երեւանի քաղաքապետարանի պատասխանատուներէն Արամ Սուքիասեան խօսած է նաեւ «Ձմեռնային փառատօնի» կազմակերպման մասին, նշելով թէ իւրաքանչիւր տարի փառատօնը հետաքրքրական նորամուծութիւններ կը ներկայացնէ: Փառատօնի բոլոր օրերուն Ազատութեան հրապարակին վրայ պիտի կազմակերպուին անհատական եւ խմբային բազմազան խաղեր՝ ուրախ փինկուիններ, պոուլինկ, նկարչական պատ, լապիրինթ եւ այլն: Երեխաներու համար պիտի իրականացուի հեքիաթասացութիւն:
Դեկտեմբեր 28ին նախատեսուած է Կաղանդ Պապաներու մրցավազքը, ուր կրնան մասնակցիլ մեծ թէ փոքր բոլոր փափաքողները, կը բաւէ որ կարմիր զգեստ, գլխարկ, մօրուք տրամադրեն: