Հայաստանի գրողներու միւթիւնը բացած է «Նոր գիրք» գրախանութը (Երեւան, Բաղրամեան պողոտայ, 3) յանուն հայ գիրքի տարածման։ Միաժամանակ միութիւնը քարոզչական աշխատանք կը տանի հայ գիրքը տարածելու հայրենիքի եւ Սփիւռքի մէջ:
Գրախանութէն ներս կը վաճառուին դասական եւ ժամանակակից գրողներու աւելի քան 1000 գրանուն։
Ընթերցողի ուշադրութեան կը ներկայացնենք առաւել մեծ պահանջարկ վայելող գրականութեան մէկ մասը։
Սփիւռքի մեր հայրենակիցները իրենց նախընտրած գիրքերը կրնան ձեռք բերել դիմելով հետեւեալ ել. փոստով. This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it.
Գրախանութը մի քանի օրուան ընթացքին կը պատասխանէ պատուիրատուին՝ գիրքերու նշուած գիներուն աւելցնելով առաքման գումարը։