Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական դիրքին վրայ 24 Ապրիլին հակառակորդին կողմէ արձակուած գնդակին պատճառով վիրաւորուած է 1993 թուականի ծնունդ Իսրայէլ Գառնիկի Թարվերդեանը:

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ միջադէպին առնչուած մանրամասնութիւնները պարզելու համար հետաքննութիւն կը կատարուի։