Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը անցնող օրերուն Հայաստանի մէջ Արցախի մշտական ներկայացուցչութեան կեդրոնէն ներս հանդիպում ունեցած է Եւրոպական խորհրդարանի ԵՄ-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ներկայացուցիչներուն հետ:


Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Եւրոպա-Արցախ փոխ յարաբերութիւններուն, ատըրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման եւ տարածաշրջանային գործընթացներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:
Նախագահ Սահակեան նշած է, որ Եւրոպայի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը Արցախի արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր ուղղութիւններէն մէկն է, եւ այդ առումով արժեւորած է եւրոպական տարբեր կառոյցներու, ինչպէս նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի հետ կապերու հաստատումն ու խորացումը:
Երկու կողմերը նշած են փոխ գործակցութեան համար հնարաւորութիւններու լայն դաշտի առկայութիւնը եւ այս ուղղութեամբ նպատակասլաց աշխատանքի անհրաժեշտութիւնը:


ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԱՐՑԱԽ

Անցնող շաբաթավերջին Արցախ այցելած է Էլէնի Թէոխարուսի եւ Վալերի Պուայէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Ֆրանսացի երեսփոխանուհին «Մենք պարտաւոր ենք ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը» խօսքերով հանդէս եկած է։

Կ'անդրադառնանք վաղուայ թիւով։