ՀՅԴ-ի Երեւանի քաղաքապետական աւագանիի ցուցակին մէջ երրորդ տեղը զբաղեցնող Արսէն Համբարձումեանը լրագրողներու հետ զրոյց մը ունեցաւ, բացատրելով որ ՀՅԴ երթ մը կազմակերպած է Երեւանի թաղամասերուն մէջ, նպատակ ունենալով շփուիլ ու զրուցել քաղաքացիներուն հետ, ծանօթանալով իրենց դիմագրաւած հարցերուն:

«Ազատութիւն» ռատիոկայանի հաղորդմամբ, ՀՅԴ թեկնածուները քարոզչական գրքոյկներ բաժնած են անցորդներուն, զրոյցի առիթներ ստեղծելով: Քայլերթին միացած է նաեւ ՀՅԴ ներկայացուցիչ, ԱԺ պատգամաւոր Արծուիկ Միանսեանը, որ լրագրողներուն յայտնած է թէ լաւապէս կը գիտակցի որ ընդդիմադիր որեւէ քաղաքական ուժ Երեւանի բոլոր հարցերը չի կրնար լուծել եւ կ'ակնկալէ, որ ընդդիմադիր դաշտը միաւորուի:

Մինասեան դիտել տուաւ, թէ շատ կարեւոր է, որ քաղաքացիները վստահութեան մեծաթիւ քուէ տան այն ուժերուն, որոնք բարեփոխումներ իրագործելու կը ձգտին: