Հայաստանի Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը ստացած է Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու մէջ «Բարգաւաճ Հայաստան»ի ցուցակի 113 թեկնածուներու ինքնաբացարկի դիմումներ:

«Թուրքիան շահագրգիռ չէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու հարցում եւ տապալում է Ցիւրիխում ստորագրուած հայ-թուրքական արձանագրութիւնների վաւերացման գործընթացը», լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է քաղաքագէտ Արա Պապեան։

Սուրիահայ երեխաներուն համար Հայաստանի մէջ ապրելու եւ ուսում ստանալու բարդութիւններէն մէկը լեզուի խնդիրն է: Բայց այս պարագային ալ անլուծելի ոչինչ չկայ:

ԵՐԵՒԱՆ.- «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը կը շարունակէ նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանի եւ Արցախի մէջ բնակութիւն հաստատած սուրիահայերուն:

Խօսքի Ազատութեան Պաշտպանութեան Կոմիտէի (ԽԱՊԿ) նախագահ Աշոտ Մելիքեանի համաձայն՝ 2013ի առաջին եռամսեային աւելցած են լրագրողներու իրաւունքներու խախտումի պարագաները՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի բաղդատմամբ։