Պելառուսի նախագահ Ալեքսանդր Լուկաշենկոն պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Հայաստան: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Պելառուսի նախագահի դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը, որմէ ետք տեղի ունեցան երկու երկիրներու նախագահներու առանձնազրոյցը ու պաշտօնական պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները:

Քննարկման նիւթ դարձան Հայաստանի եւ Պելառուսի միջեւ համագործակցութեան զարգացման ու խորացման ուղղուած հարցեր եւ տեղի ունեցաւ փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն:

Պաշտօնական արարողութիւններու աւարտին երկու երկիրներու նախագահները հանդիպում ունեցան մամլոյ ներկայացուցիչներու հետ, տարբեր հարցեր քննարկելով:

Այսօր նախատեսուած է Լուկաշենկոյի այցելութիւնը հայկական աթոմային ելեկտրակայան, ապա ան պիտի մասնակցի Երեւանի մէջ հայ-պելառուսական առեւտուրի տան բացման արարողութեան: Նշենք, որ 2012 թուականին հայ-պելառուսական երկկողմ առեւտրաշրջանառութիւնը կազմած է 46.1 միլիոն տոլար։ Հայաստանէն արտահանումը 7,4, իսկ ներմուծումը՝ 38.7 միլիոն տոլար։

Պելառուսի Հանրապետութեան նախագահի պատուիրակութեան կազմին մէջ ներառնուած են նախարարներ եւ որոնք համատեղ հանդիպումներ ունեցած են Հայաստանի իրենց պաշտօնակից շրջանակներուն հետ:

Ընդհանուրին մէջ գոհունակութեան զգացումներ արտայայտած են Պելառուսի պատուիրակութեան անդամները, երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան նոր ուղիներ հաստատելով:

Պելառուսի նախագահ Լուկաշենկօ այցելեց նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր՝ յարգանքի տուրք մատուցանելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: