Հայաստանի Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբը ստացած է Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու մէջ «Բարգաւաճ Հայաստան»ի ցուցակի 113 թեկնածուներու ինքնաբացարկի դիմումներ:

Առայժմ յանձնաժողովին մէջ կ'ուսումնասիրուին այս դիմումները, իսկ վաղը պիտի յայտարարուին Երեւանի աւագանիի անդամ ընտրուողներու անունները:

Ըստ ԿԸՅի հաղորդումին՝ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ընտրական ցուցակէն կ'ընտրուի 17 անդամ, «Բարեւ Երեւան» դաշինքէն՝ 6 անդամ եւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութենէն՝ 42 անդամ: