Երեւանի քաղաքապետական այս ընտրութիւններուն ոչ իշխանական ուժերուն կողմէ յետընտրական դաշինք ձեւաւորելու իմաստով, թէեւ միայն յայտարարութիւններու ընդմէջէն, իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնած են ընտրութեանց մասնակցող քաղաքական 7 ուժերէն 5ը:
Ըստ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան՝ միանալու այս առաջարկը նոյնիսկ փորձադաշտ պիտի ըլլայ հասկնալու, թէ ո՛ր ուժը իսկապէս կը ձգտի իշխանափոխութեան:
«Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Նայիրա Զօհրաբեան լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին յայտնած է, որ յետընտրական դաշինքը ոչ միայն կարելի է, այլեւ՝ շատ հաւանական:
«Ես շատ հաւանական եմ համարում յետընտրական դաշինքը: Եթէ ունեցած արդիւնքները կը հատեն օրէնքով սահմանուած շեմը, անպայմանօրէն կը լինի յետընտրական դաշինք», յայտնած է ան՝ նշելով, թէ իրատես կը նկատէ այդ դաշինքը ԲՀԿ-ի, Հայ Ազգային Գոնկրէսի (ՀԱԿ) եւ ՀՅԴ-ի պարագային, իսկ «Ժառանգութեան» առընչութեամբ վերապահութիւն ունի:
«Մենք Ներկայիս Հիմնականօրէն Կը Կեդրոնանանք Մեր Խնդիրներուն Վրայ»
Յայտնեց Աղուան Վարդանեան
Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու արդիւնքներուն եւ ընտրական հոլովոյթէն կուսակցութիւններուն քաղած դասերուն վերաբերեալ «Փանորամա.էյ.էմ» զրուցեց շարք մը քաղաքական ներկայացուցիչներուն հետ:
Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ արդեօք ընտրութեան արդիւնքներուն յստակացումէն ետք ի՞նչ փոփոխութիւններ արձանագրուած են՝ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը բողոքարկման հոլովոյթի չէ սկսած: «Մենք դիմումներ, բողոքներ գրեթէ չենք ներկայացուցած եւ անով չենք ալ զբաղիր, որովհետեւ լուրջ չենք համարեր այսպիսի հարցերով զբաղիլը»:
Պատասխանելով ընտրատեղամասերուն մէջ ընտրութեան օրը տիրած վիճակին, ինչպէս նաեւ մամլոյ մէջ արձանագրուած ընտրութիւնը խոչընդոտելու դէպքերու մասին լրագրողի հարցումներուն՝ Աղուան Վարդանեան ընդգծեց, որ այդ բոլորին մասին տեղեկատուութիւն կայ համացանցին վրայ: Ան աւելցուց, որ իրենց յանձնախումբի անդամները եւ վստահելի անձերը գրեթէ 99 տոկոսով կատարած են իրենց պարտականութիւնները:
Անդրադառնալով ընտրութիւններէն դասեր քաղելու երեւոյթին՝ դաշնակցական պատգամաւորը ընդգծեց, որ Դաշնակցութիւնն ալ իր մեղքի բաժինը ունի, բայց պետական համակարգը ամբողջութեամբ դարձած էր ընտրական համակարգ, համատարած ընտրակաշառքը այս անգամ ալ ունեցաւ իր ազդեցութիւնը եւ թաղային հեղինակութիւններու գործողութիւններու առանցքը եղաւ: «Մենք ներկայիս կը կեդրոնանանք մեր խնդիրներուն վրայ» ըսած է ան: