Տարի մը առաջ ծեծով սպաննուած երիտասարդ սպայի յիշատակի երեկոյին մասնակիցներ 

Յունիս 29ին լրացաւ զինուորական բժիշկ, սպայ Վահէ Աւետեանի մահուան տարելիցը:

Երեւանի «Հարսնաքար» ճաշարանին մէջ Վահէ Աւետեանի մահուան վայրէն ներս, յիշատակի արարողութիւն տեղի ունեցաւ: Հաւաքուածները պաստառներ կը կրէին, ուր արձանագրուած էր «Ես եմ Վահէ Աւետեանը»։

Մէկ վայրկեանի լռութեամբ յարգուեցաւ Աւետեանի յիշատակը, ապա խումբ մը քաղաքացիներ փորձեցին համալիրի տարածքէն ներս յուշաքար մը զետեղել, հակառակ որ ոստիկանութիւնը փորձեց խոչընդոտել։ Այնուամենայնիւ, յուշաքարը զետեղուեցաւ։