Գիւմրին պաշտօնապէս հռչակուեցաւ 2013ի ԱՊՀ մշակութային մայրաքաղաք: Որոշումը ընդունուած էր տարի մը առաջ՝ Աշխապատի մէջ կայացած ԱՊՀ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին:

Շիրակի մարզպետ Ֆելիքս Ցոլակեանը նշեց, որ պատահական չէ Գիւմրիի ընտրութիւնը որպէս մշակութային մայրաքաղաք. «Գիւմրին հայրաքաղաք էր, դարձաւ մայրաքաղաք եւ առայժմ՝ մշակութային: Ծրագրի ծիրէն ներս պիտի իրականացուին գիւմրեցիներուն վայել իրադարձութիւններ» ըսած է ան:

Գիւմրիի քաղաքապետ Սամվէլ Բալասանեանն ալ նշեց, որ Գիւմրին բազմաթիւ փորձութիւններու ընդմէջէն անցած ճանապարհ ունի, եւ այսօր իր վէրքերը պէտք է ամոքէ՝ մշակոյթի միջոցով:

ՀՀ մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը կը հաւաստիացնէ, որ այս ծրագիրը պիտի դառնայ ԱՊՀ երկիրներու մշտական գործող հարթակ: Նախարարը տեղեկացուց նաեւ, որ ծրագրի իրագործման համար գումարներ պիտի յատկացնէ մշակոյթի նախարարութիւնը (53 միլիոն դրամ), Գիւմրիի քաղաքապետարանը (17 միլիոն դրամ), «Հումանիտար համագործակցութեան միջպետական հիմնադրամը» (200 միլիոն դրամ) եւ ՀՀ կառավարութիւնը (193 միլիոն):