Չկայ հակամարտութիւն, որ լուծում չունենայ, եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը բացառութիւն չէ: Այս մասին Պրիւքսելի մէջ յայտարարեցին Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրամիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիպ Լեֆորը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի ֆրանսացի նախկին համանախագահ Պեռնար Ֆասիէն:

Ֆասիէն, սակայն, կարծիք յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը լուծում չի ստանար, քանի դեռ չկայ քաղաքական կամք:

«7 տարուայ մէջ ես 100-է աւելի անգամներ հանդիպած եմ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի նախագահներուն: Ես վստահ եմ, որ հնարաւոր է խաղաղութեան հասնիլ եւ հակամարտութեան կարգաւորման տարրերը դրուած են սեղանին, բայց փաստը, որ որոշում չի կայացուիր, խօսում է այն մասին, որ կողմերը չունին բաւականաչափ քաղաքական կամք», -յայտարարեց Մինսկի խումբի նախկին համանախագահը:

Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչը Պրիւքսելի մէջ մի քանի առաջարկ ըրաւ՝ ուղղուած Ղարաբաղի խնդրի լուծման: Մասնաւորապէս, Լեֆորի կարծիքով, ամէն գնով պէտք է խուսափիլ պատերազմական գործողութիւններու վերսկսումէն, պահել նուազագոյն յարաբերութիւնները եւ զարգացնել մարդկային, հասարակական շփումները: Պահուստային ծրագիր չկայ, ըսաւ ան: «Ոչ Եւրոմիութիւնը, ոչ ալ ուրիշ մէկը չունի պահուստային լուծում: Ես չեմ տեսներ այս հակամարտութեան այլ լուծում», - ընդգծեց Ֆիլիպ Լեֆորը:

Պեռնար Ֆասիէն ալ աւելցուց, որ հակամարտութեան կարգաւորման թարմ մօտեցում պէտք է՝ առաջին հերթին երկիրներու մէջ ժողովրդավարութիւն տարածելու միջոցով, որովհետեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հասարակութիւնները դեռ պատրաստ չեն տեսներ այս հակամարտութեան լուծումը:

Ինչ կը վերաբերի յատկապէս Պրիւքսելի մէջ յաճախակի շրջանառուող այն խօսակցութիւններուն, թէ մտադրութիւն կայ Մինսկի խումբին մէջ Ֆրանսայի ներկայացուցիչին փոխարինել Եւրոմիութեան ներկայացուցիչով՝ Պեռնար Ֆասիէն անհեթեթութիւն՝ «նոնսենս» որակեց անոնք:

«Ինձ համար ատիկա անընդունելի է առաջին հերթին այն պատճառով, որ Ֆրանսայի մէջ հայկական սփիւռքին ինչ-որ ազդեցութիւն վերագրելը արդար չէ: Ինչո՞ւ համանախագահող երեք երկիրներու հետաքրքրութիւնը Ատրպէյճանի հանդէպ հաշուի չի առնուիր, այլ հաշուի կþառնուի այլ երկիրներու մէջ առկայ հայկական սփիւռքը», -ըսաւ Մինսկի խումբի ֆրանսացի նախկին համանախագահը՝ շարունակելով. - «Ես զարմացած եմ, որ կարելի է կարծել, թէ հէնց Ֆրանսայի հայկական համայնքը կարող է խոչընդոտ ըլլալ գործընթացին: Ատիկա առնուազն տարօրինակ է, քանի որ այդ սփիւռքը իր մեծութեամբ միայն երրորդն է Ռուսաստանի եւ ԱՄՆ-ի հայկական սփիւռքէն ետք: Եւ որ ամենատարօրինակն է՝ չեն խօսիր այն մասին, որ Ֆրանսան Հայաստանի մէջ, ի տարբերութիւն Ռուսաստանի, ռազմաբազաներ չունի»:

Ֆասիէն կը կարծէ, որ Եւրոմիութիւնը պէտք է իր ներգրաւուածութիւնը մեծացնէ խաղաղութեան ուղղուած ծրագրերու աւելացմամբ: Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ռազմական ծախսերը կարող էին ուղղուիլ շատ աւելի կարեւոր եւ կարիքաւոր ոլորտներ՝ աւելցուց ֆրանսացի դիւանագէտը:

«Օրինակ, ես կը կարծեմ, որ Եւրոմիութիւնը պէտք է պահանջէ կողմերէն դադրեցնել ռազմատենչ քարոզչութիւնը եւ խաղաղութեան ուղղուած յայտարարութիւններ ընել», - ըսաւ Պեռնար Ֆասիէն: