Տեղեկացնելով, որ Հայաստան ընթացիկ տարուան Մայիսէն ստանձնած է ՄԱԿ-ի առանցքային գործընկեր հանդիսացող Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի նախագահութիւնը, Կարէն Նազարեան նշեց, որ Հայաստան իր նախագահութեան իբրեւ առաջնահերթութիւններ սահմանած է ցեղապաշտութեան, խտրականութեան, այլամերժութեան, անհանդուրժողականութեան, ահաբեկչութեան եւ մարդոց վաճառքի դէմ պայքարը:

6 Օգոստոսին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ տեղի ունեցաւ «ՄԱԿևի եւ շրջանային/ենթաշրջանային կազմակերպութիւններուն միջեւ համագործակցութիւնը միջազգային խաղաղութեան եւ ապահովութեան պահպանման գործին մէջ» խորագիրով քննարկումը:

Արժանթինի նախագահ Քրիսթինա Քիրշների նախագահութեամբ տեղի ունեցած այս քննարկման ընթացքին խօսք առին ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը, շարք մը անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներ եւ դեսպաններ, ինչպէս նաեւ շրջանային կազմակերպութիւններ (Ափրիկեան Միութիւն, Եւրոպական Միութիւն, Արաբական լիկա, Հարաւամերիկեան պետութիւններու միութիւն, Լատինական Ամերիկայի եւ Քարիպեան կղզիներու պետութիւններու ընկերակցութիւն) ներկայացուցիչներ:

Իր խօսքին մէջ ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Կարէն Նազարեան յայտնեց, որ Հայաստան, իբրեւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ, կ՛ողջունէ ՄԱԿ-ի եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան միջեւ ընդլայնուող երկխօսութիւնը եւ սերտ գործընկերութիւնը‘ ուղղուած շրջանային մարտահրաւէրներու դիմակայման նպատակով փոխադարձ կապերու ամրապնդման, մասնաւորաբար՝ անդրսահմանային ոճիրներու դէմ պայքարին մէջ:

Դեսպան Նազարեան ընդգծեց, որ Հայաստան մեծապէս կարեւոր կը նկատէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ջանքերը՝ ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման: Ան նաեւ նշեց, որ միջազգայնօրէն համաձայնեցուած այս ձեւաչափով շարունակուող բանակցութիւնները տագնապի կողմերուն միջեւ 1994 թուականին ստորագրուած զինադադարի պահպանման գլխաւոր նախադրեալներն են:

Տեղեկացնելով, որ Հայաստան ընթացիկ տարուան Մայիսէն ստանձնած է ՄԱԿ-ի առանցքային գործընկեր հանդիսացող Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի նախագահութիւնը, Կարէն Նազարեան նշեց, որ Հայաստան շրջանային միջկառավարական այս կազմակերպութեան մէջ իր նախագահութեան իբրեւ առաջնահերթութիւններ սահմանած է ցեղապաշտութեան, խտրականութեան, այլամերժութեան, անհանդուրժողականութեան, ահաբեկչութեան եւ մարդոց վաճառքի դէմ պայքարը, միջմշակութային երկխօսութեան խթանումը, օրէնքի գերակայութեան եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդումը‘ հարցեր, որոնք առաջնահերթութիւն կը նկատուին նաեւ ՄԱԿ-ի եւ Եւրոպական խորհուրդի անդամ պետութիւններուն համար:

ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչը կոչ ուղղեց խրախուսելու եւ սատարելու այն նախաձեռնութիւնները, որոնք ուղղուած են գործընկերներու միջեւ կապերու ընդլայնման, շրջանային կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան նոր եզրեր գտնելուն‘ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ ապահովութեան: