Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, Պոլսոյ մէջ լոյս տեսնող «Ակօս» թերթը 1 Օգոստոսին զգայացունց յօդուած հրապարակած էր Թուրքիոյ մէջ հայերու անձնագիրերու մէջ գաղտնի ծածկագիրեր նշագրելու վերաբերեալ:

Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութեան Պոլսոյ բաժանմունքի տնօրէնի օգնականներէն մէկուն ստորագրութեամբ պաշտօնական գրութեան մէջ կ՛ըսուի, որ 1923-էն ետք Լոզանի համաձայնագիրով իբրեւ փոքրամասնութիւն ճանչցուած ազգութեան քաղաքացիներու անձնագիրերու մէջ պէտք է նշուած ըլլայ գաղտնի ծածկագիր մը. յոյներուն համար սահմանուած է «1», հայերուն համար՝ «2» եւ հրեաներուն համար՝ «3» ծածկագիրը: Այս գաղտնագիրերուն օգնութեամբ Թուրքիա տարիներ շարունակ ազգային փոքրամասնութիւններու նկատմամբ խտրական վերաբերմունք դրսեւորած է:

«Մետիա կեդրոն» ակումբին մէջ «Մոտուս Վիվենտի» կեդրոնի ղեկավար, քաղաքագէտ Արա Պապեան յայտարարեց, որ «Ակօս»-ի բացայայտումը նորութիւն չէր, պարզապէս այդ մասին նոր կը խօսուի:

«Այս գաղտնագիրերու իրողութիւնը ցաւալի փաստ է Եւրոպական Միութեան դռները անվերջ թակող Թուրքիոյ եւ վտանգաւոր՝ մեզի համար», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ մենք չենք գիտեր, թէ քաղաքական ինչպիսի՛ զարգացման պարագային այդ գաղտնագիրերը կ՛օգտագործուին:

Թրքագէտ Արտակ Շաքարեան ընդգծեց, որ Թուրքիոյ մէջ այսպիսի դրսեւորումները նորութիւն չեն: «Այդ յատուկ նշագրումներով փորձած են տարբերակել հայերը, նոյնիսկ եղած են ընտանիքներ, որոնք չեն իմացած իրենց հայկական արմատներուն մասին, բայց, ինչպէս Հրանդ Տինք կ՛ըսէր, դուն հաւանաբար մոռցած կ՛ըլլաս քու արմատներդ, բայց պետութիւնը չի մոռնար», ըսած է ան:

Թրքագէտ Լիլիթ Գասպարեան համոզում յայտնեց, որ այս փաստը անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, որ ժողովրդավարացումը Թուրքիոյ մէջ ձեւական բնոյթ ունի: Ան յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ միշտ ալ խտրականութիւն դրսեւորուած է փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ, պարզապէս զարմանալի է, որ Հայաստանի մէջ տակաւին կը զարմանան եւ այսպիսի ձեւով կ՛արձագանգեն բացայայտուած իրողութեան: Ան ցաւով նշեց, որ գաղտնագիրերու փաստը, որ հզօր խաղաքարտ է Թուրքիոյ դէմ, հայերը չեն կրնար պէտք եղածին պէս օգտագործել:

Թրքագէտը նաեւ յայտնեց, որ «Ակօս»-ի մէջ 1 Օգոստոսին հրապարակուած յօդուածը միայն յաջորդ օրը տարածուեցաւ հայկական զանգուածային լրատուամիջոցներուն կողմէ: Մինչդեռ նախորդ օրը ատիկա արդէն դարձած էր թրքական մամլոյ քննարկման առարկայ: Օրինակ բերելով վերջերս հայ-թրքական սահմանին վրայ թուրք հովիւի սպանութիւնը՝ Գասպարեան արձանագրեց, որ թուրքերը կրցան քանի մը վայրկեանի ընթացքին այդ տեղեկութիւնը իրենց յարմար ձեւով տարածել միջազգային լրատուամիջոցներով: