ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».¬ «Արմէնփրէս»ի թղթակից Վահրամ Պօղոսեանի համաձայն՝ 8 Սեպտեմբերին Ստեփանակերտի Օղակաձեւ զբօսայգիին մէջ՝ Ստեփան Շահումեանի արձանին մօտ, տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ՝ նուիրուած Ստեփան Շահումեանի կեանքին ու գործունէութեան: Ներկայ էին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քաղաքական ղեկավարութիւնը՝ նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ, Արցախի հոգեւոր թեմի

 

Ստեփանակերտի կեդրոնական հրապարակին վրայ 
Ստեփան Շահումեանի արձանը

առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, Շահումեանի՝ Արցախ ժամանած ծոռ Մարիա Շահումեանը, հիւրեր Երեւանէն եւ Ռուսիայէն:
Ողջունելով ներկաները՝ Արցախի կոմունիստական կուսակցութեան ղեկավար Հրանտ Մելքումեան պատմեց Շահումեանի հայրենասիրական ծրագիրներուն ու գաղափարներուն մասին՝ նշելով, որ ժամանակին պատահական չէր Արցախի այն ատեն դեռ մարզկենտրոնը մեծ հայուն անունով կոչելու որոշումը: «Ուրախալի է անշուշտ, որ այսօր ներկայ է նաեւ մեծն Շահումեանի ծոռնուհին: Յուսանք, որ Շահումեանի սերունդները աւելի յաճախակի կ՛այցելեն այժմ արդէն ազատագրուած հայրենիք, որը բարձր գնահատեց իր զաւակի թողած գործը եւ նրա անունը այսօր էլ շարունակում է յարատեւել», յայտնեց ան եւ կուսակցութեան կողմէ Մարիա Շահումեանին յանձնեց Ստեփան Շահումեանի անուան յուշամետալ:
Այնուհետեւ նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ ծաղիկներ զետեղուեցան Ստեփան Շահումեանի արձանին առջեւ:
«Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Մարիա Շահումեան նշած է, որ շատ ուրախ ու հպարտ կը զգայ Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար: «Առաջին անգամ Արցախ այցելել եմ 90ականների սկզբին, բայց այն, ինչ ես այսօր տեսայ, հրաշքի է նման: Տեսայ բոլորովին այլ քաղաք, որը որեւէ կերպ չի յիշեցնում նախկին քաղաքը: Այն մաքուր է, գեղեցիկ ու նորակառոյց, ինչը միայն հպարտութիւն է ներշնչում ինձ, յատկապէս որ այն կրում է իմ պապի անունը», ըսած է ան։ Ծոռը խոստացած է, որ շուտով նորէն պիտի վերադառնայ իր ընտանիքին ու զաւակներուն հետ:
Նոյն օրը նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունած էր Մարիա Շահումեանը եւ ողջունած անոր ներկայութիւնը իր նախնիներուն հողերուն վրայ՝ կարեւորելով պատմական հայրենիքին հետ ամուր կապերու պահպանման անհրաժեշտութիւնը: