«Ապրող առասպել» կոչումով նշանաւոր, հայկական թատերական արուեստի ամէնէն հեղինակաւոր եւ վաստակաշատ դէմքերէն Սօս Սարգսեան մահացաւ 26 Սեպտեմբերին՝ հայ ժողովուրդի յատկապէս մշակութային-թատերական կեանքին մէջ մեծ դատարկութիւն մը ձգելով։

«Հոգիս չառած՝ միտքս չառնես, Աստուա՛ծ» աղօթք-մաղթանքը Սօս Սարգսեան կատարած էր նախորդ տարի, երբ անհանգստացած ու հիւանդանոց փոխադրուած էր։ Անոր աղօթքը լսուած է…

Սօս Սարգսեան ծնած էր 24 Հոկտեմբեր 1929ին, Ստեփանաւան քաղաքը: 1948ին տեղափոխուած էր Երեւան եւ աշխատած Երեւանի պատանի հանդիսատեսի թատրոնին մէջ՝ որպէս դերասան: 1954ին աւարտած է Երեւանի գեղարուեստական-թատերական հիմնարկի դերասանական բաժանմունքը: 1954-1991 եղած է Երեւանի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան ակադեմական թատրոնի դերասան: 1991ին հիմնադրած է Համազգային թատրոնը, որուն համար մեծ ու անփոխարինելի աշխատանք տարած է: 1997-2006 Երեւանի թատրոնի եւ շարժապատկերի պետական հիմնարկի ղեկավար եղած է, 2006էն՝ հիմնարկի կառավարման խորհուրդի նախագահ էր: 2009ին ընտրուած է Հայաստանի Հանրային խորհուրդի անդամ: Դերեր ստանձնած է աւելի քան 41 գեղարուեստական ժապաւէններու մէջ, ինչպէս՝ «Նուագախմբի տղաները», «Եռանկիւն» «Մենք ենք, մեր սարերը», «Նահապետ», «Խաթաբալա», «Ձորի Միրօ», «Սօլեարիս»։ Ս. Սարգսեան արժանացած է Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտի կոչումին, պարգեւատրուած է Մեսրոպ Մաշտոցի անուան շքանշանով եւ պետական մրցանակի եռակի դափնեկիր է:

Վերջին հրաժեշտը՝ Համազգայինի պետական թատրոնին կողմէ

«Համազգային» պետական թատրոնին կողմէ, վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը կատարուեցաւ երէկ 29 Սեպտեմբերին, Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերային մէջ իսկ յուղարկաւորութիւնը նոյն օրը, ժամը 14:00-ին, Կոմիտասի այգիի պանթէոնին մէջ:

Վերջին հրաժեշտի արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ տիկին Ռիթա Սարգսեանի ուղեկցութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, նախարարներ, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ: Ժողովուրդը հրաժեշտ տուաւ իր սիրելի Նահապետին՝ իր սրտին մէջ վառ պահելով Սօս Սարգսեանի յիշատակը:

«Կան անհատներ, որոնք կարծես թէ քեզի հետ միասին կը ծնին, այսինքն՝ աչքերդ կը բանաս եւ կը ճանչնաս զանոնք: Կը թուի, թէ անոնք քու ծնողներդ են, ուսուցիչդ, դաստիարակդ, կ՛ուղեկցին քեզ ամբողջ կեանքիդ ընթացքին: Սօս Սարգսեանը այդ անհատներէն է՛ր: Ան մշտապէս եղած է մեր կեանքին մէջ՝ իր շարժապատկերներով, իր իմաստուն խօսքերով, խրատներով, բացառիկ հայու իր կերպարով: Դժուարութիւնը այն է, որ ան մեր կողքին չէ: Այժմ խորհուրդ հարցնելու համար պիտի մտածես, թէ որո՞ւն հարցնես, իմաստուն խօսք լսելու համար պէտք է փնտռես անհատ մը: Նման մարդիկ մեր հասարակութեան մէջ պակսած են, եւ ասիկա շատ ցաւալի է», ըստ «Արմենփրես»-ի նշեց Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը: