ԵՐԵՒԱՆ.- Հոկտեմբեր 22ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Իրանի մէջ հրատարակուող «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեանը:
Հանդիպման ընթացքին նախարարը հիւրին ներկայացուց Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան 5ամեայ գործունէութեան արդիւնքները:
Դերենիկ Մելիքեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին՝ նշելով, որ հպարտ է սփիւռքի նախարարութեան կողմէ ցուցաբերուած մեծ ուշադրութեան, հոգատար վերաբերումին, ինչպէս նաեւ արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար: Խմբագիրին համաձայն՝ «Ալիք» օրաթերթը, հակառակ անոր որ ձգտած է աշխուժօրէն լուսաբանել սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը, սակայն կատարուածը բաւարար չի նկատեր ու կը ձգտի առաւել եւս ներկայացնել սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած ձեռնարկները, իրականացուցած ծրագիրներն ու աշխատանքները:
Հանդիպման աւարտին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Սփիւռքի մէջ հայոց լեզուի տարածման եւ հայապահպանման համար «Մայրենիի դեսպան» մետալով պարգեւատրեց Դերենիկ Մելիքեանը՝ անոր մաղթելով արգասաբեր գործունէութիւն եւ յաջողութիւններ:
«Ազատ Օր»ի խմբագրութիւնը ջերմապէս կը շնորհաւորէ իր գործընկեր՝ «Ալիք» օրաթերթի խmբագիր Դերենիկ Մելիքեանը եւ բեղուն աշխատանք կը մաղթէ իրեն ու Թեհրանի հայութեան օրաթերթին: