Ժողովրդային բողոքի ցոյց՝ նախագահ Փութինի ժամանման ընթացքին

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով երէկ Հայաստան ժամանեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը, պետական այցով:

Ռուսիոյ նախագահի այցելութեան առիթով ասֆալթապատուած էր Գիւմրիի օդանաւակայանէն քաղաքի մուտք տանող ճանապարհը, քաղաքին մէջ կախուած էին ՀՀ եւ Ռուսաստանի պետական դրօշակները, իսկ Երեւանի ու Գիւմրիի մէջ ի գործ դրուած էին անվտանգութեան աննախադէպ միջոցներ:

Այցելութեան ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ նախագահներու մակարդակով երկկողմ հանդիպում, ապա երկու երկիրներու նախագահները Գիւմրիի եւ Երեւանի մէջ մասնակցեցան շարք մը ձեռնարկներու: Փութին այցելեց նաեւ Ծիծեռնակաբերդ։

Վլատիմիր Փութինի այցելութեան դէմ բողոքի ցոյցեր կազմակերպուեցան Երեւանի մէջ։ Ոստիկանութիւնը միջամտեց՝ ցրուելու համար բողոքող ժողովուրդը։

Վլատիմիր Փութինի առաջին կանգառը Գիւմրին էր, ուր ան իր հայ պաշտօնակից Սերժ Սարգսեանի հետ միասին մասնակցեցաւ Հայ - Ռուսական միջտարածաշրջանային համաժողովի:

Ռուսաստանի նախագահը Գիւմրի ժամանեց մէկուկէս ժամ ուշացումով: Օդանաւակայանին մէջ զինք դիմաւորեց Հայաստանի նախագահը: Արարողութիւնը, սակայն, փակ էր լրագրողներուն համար:

Այնուհետեւ երկու նախագահները Գիւմրիի տրամատիկական թատրոնին մէջ մասնակցեցան Հայ-ռուսական միջտարածաշրջանային երրորդ համաժողովին: Իր ելոյթին մէջ Սերժ Սարգեանը կարեւորեց հայ-ռուսական դարաւոր բարեկամութիւնը՝ նշելով այն տնտեսական առաւելութիւնները, որ Հայաստանին պիտի բերէ անդամակցութիւնը Մաքսային միութեան:

«Անցել է ընդամէնը երեք ամիս Մաքսային միութիւն մտնելու Հայաստանի մտադրութեան մասին յայտարարութեան պահից, սակայն արդէն կատարուած է հսկայական աշխատանք: Ընդունուած է Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհրդի համապատասխան որոշումը: Ստորագրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի միջեւ յուշագիր: Ստեղծուած են քսաներկու աշխատանքային խմբեր, որոնք աշխատանքներ են տանում անհրաժեշտ միջոցառումների եւ օրէնսդրական փոփոխութիւնների նախապատրաստման ուղղութեամբ: Ընդ որում, այսօր արդէն համաձայնեցուած են Հայաստանի նկատմամբ երկկողմ կարգով մի շարք կարեւոր արտօնութիւնների եւ առաւելութիւնների կիրառման մեխանիզմները, որոնք կիրառւում են Մաքսային միութեան երկրների միջեւ փոխ յարաբերութիւններում», - ըսաւ Հայաստանի նախագահը:

Ան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի մարզերու եւ Ռուսաստանի շրջաններու միջեւ համագործակցութեան մասին, ինչպէս նաեւ ԱՊՀ մշակութային մայրաքաղաք հռչակուած Գիւմրիի մէջ կազմակերպուած միջոցառումներու մասին:

Վլատիմիր Փութին իր ելոյթին մէջ ընդգծեց այն տնտեսական առաւելութիւնները, որ պիտի ստանայ Հայաստանը Մաքսային միութեան իր անդամակցութեան շնորհիւ: Ան շեշտեց, որ «Ռուսաստանը չի հեռանալու Անդրկովկասից, առաւել ամրապնդելու է այստեղ իր դիրքերը»:

Մինչ այդ, Երեւանի մէջ ոստիկանները փակած էին դէպի Բաղրամեան տանող բոլոր ճանապարհները։ Հիւսիսային պողոտային վրայ քանի մը տասնեակ քաղաքացիներ՝ «Արժանապատիւ հայրենիք» Դիմատետրի խումբի նախաձեռնութեամբ, բողոքի ցոյց կ'իրականացնէին՝ ընդդէմ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի Հայաստան այցելութեան: Ցոյցը սկսաւ ժամը 13:00-ին Ազատութեան հրապարակէն. այն պէտք էր անցներ Հիւսիսային պողոտայով, Ամիրեան փողոցով, Մաշտոցի պողոտայով՝ դէպի Բաղրամեան: Մասնակիցները պարզած էին պաստառներ «Դեմ ենք Մաքսային միութեան» գրութիւններով:

Հիւսիսային պողոտային մէջ ոստիկանները սակայն կանգնեցուցին ցուցարարները: Անոնք երկու շարքով փակած էին Հիւսիսային պողոտայ-Աբովեան հատուածը, եւ երթը կանգնեցաւ: Սակայն «Ժառանգութեան»անդամ Արմէն Մարտիրոսեանը բանակցեցաւ ոստիկաններուն հետ, որմէ ետք ցուցարարները կրցան շարունակել ցոյցը Աբովեան փողոցով: Ոստիկանները կը խոչընդոտէին ոչ միայն ցոյցին մասնակիցները, այլեւ անկախ քաղաքացիներուն անցքը եւ լրագրողներուն աշխատանքը:

Նշենք, որ մամլոյ ասուլիսէն ետք, Վլատիմիր Փութին Ծիծեռնակաբերդ բարձրացաւ, եւ ծաղկեպսակ զետեղեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին։ Ան շրջեցաւ Ցեղասպանութեան թանգարան եւ գրառում կատարեց մատեանին մէջ։

Վլատիմիր Փութին երկրորդ անգամ ըլլալով է որ այցելեց Ծիծեռնակաբերդ։