Անցեալ շաբաթ կառավարութիւնը որոշած էր ռուսական 102րդ ռազմաբաժնին նոր տարածքներ տրամադրել՝ Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ: Այդ առթիւ կը շրջէին նաեւ լուրեր թէ «Էրեբունի» օդակայանը կը տրամադրուի Ռուսերուն:

Հայաստանի Պաշտպանութեան փոխնախարար Արա Նազարեան պատասխանելով այս մասին ըսած է, թէ ռուսական 18 ուղղաթիռներու «Էրեբունի» օդակայանին մէջ զետեղումը կը բխի Հայաստանի ապահովութենէն, բայց սխալ են լուրերը թէ օդակայանը կը յանձնուի Ռուսերուն։