«Հայկական կողմը շատ աշխուժ է եւ բարձր արհեստավարժութիւն կը ցուցաբերէ, ինչ որ մեզի վատ վիճակի մէջ կը դնէ եւ ամէն ինչ կ'ընենք, որպէսզի Հայաստանի անդամակցութիւնը Մաքսային Միութեան ըլլայ շատ արագ»։

Այս խօսքերով արտայայտուեցաւ Վլատիմիր Փութին, Սերժ Սարգսեանի հետ համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին։ «Որոշակի ժամկէտներ չենք նշեր, քանի որ այդ ոչ միայն Ռուսաստանէն, այլ նաեւ Պելառուսէն եւ Ղազախստանէն կախուած է, բայց Ռուսաստանը իր կողմէ ամէն ինչ կþընէ, որ Հայաստանի անդամակցութիւնը կայանայ շուտ եւ Հայաստանի ի նպաստ պայմաններով» աւելցուցած է Ռուսաստանի նախագահը։