ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան 24 Յունիսին Երեւանի պետական համալսարանին մէջ ներկայ գտնուած է շարք մը պետական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտի առաջատար կազմակերպութիւններու միջեւ համագործակցութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան արարողութեան:
Եռակողմ համաձայնագիր կնքուած է «Ձեռնարկութիւնների ինկուբատոր» հիմնադրամի, «Technology and Science dynamics» ընկերութեան եւ տեղեկատուական արհեստագիտութեան բնագաւառի մասնագէտներ պատրաստող հայաստանեան շարք մը հիմնական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու՝ Երեւանի պետական համալսարանի, Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանի, Եւրոպական տարածաշրջանային կրթական ակադեմիոյ, Հայաստանի մէջ ֆրանսական բարձրագոյն երկրաչափական հիմնարկի եւ Հայ-ռուսական (Սլաւոնական) համալսարանին միջեւ:
Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Ա. Աշոտեան կարեւոր նկատած է այս նախաձեռնութիւնը՝ շեշտելով, որ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու կրթութեան զարգացման կարեւոր խնդիրներէն մէկը անոնց եւ աշխատանքի շուկային միջեւ համագործակցութեան խթանումն է, քանի որ կրթական համակարգի հիմնական պահանջքը կը ձեւաւորուի շուկային մէջ: «Հայաստանի կառավարութիւնը ՏՏ ոլորտը գերակայ ուղղութիւն է հռչակել եւ այդ համատեքստում, ոլորտում աշխատող տնտեսվարողների բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններում կրթական ծրագրերի իրականացնելու հետաքրքրութիւնը փոխշահաւէտ եւ արդարացուած նախաձեռնութիւն է», յայտնած է ան:
Կողմերը պարտաւոր են իրականացնել կրթական միացեալ ծրագիրներ բարձր արհեստագիտական ոլորտին մէջ՝ միաւորելով ուժերը որակեալ մասնագիտական քատրերու պատրաստութեան համար: «Technology and Science dynamics» ընկերութեան տնօրէնին համաձայն՝ «ընկերութիւնը Հայաստանում իրականացնելու է արտադրական գործունէութիւն, բայց նպատակ ունի զբաղուելու նաեւ գիտահետազօտական աշխատանքներով: Այդ ուղղութեամբ առաջին քայլը ակադեմական ու արտադրական պոտենցիալների միաւորումն է, որը նպատակ ունի նոր տեմպ հաղորդել տնտեսութեան ու բարձր տեխնոլոգիաների զարգացմանը»:
Յուշագիրի ստորագրութենէն ետք պիտի կազմուին աշխատանքային խումբեր, որոնք պիտի յստակացնեն, թէ համագործակցութիւնը ինչ ուղղութեամբ պիտի ընթանայ: Ըստ փաստաթուղթին՝ «ընկերութիւնները կազմակերպելու են յուշագիրը ստորագրած բուհերի ուսանողների պրակտիկան, իրականացուելու է ուսանողների այցելութիւններ ընկերութիւնների գրասենեակներ ու արտադրամասեր, ինչպէս նաեւ դասախօսութիւններ, գիտաժողովներ, սեմինարներ եւ այլ միջոցառումներ»:
«Technology and Science dynamics»ը պատրաստակամութիւն յայտնած է նաեւ ֆինանսաւորել ու կեանքի կոչել ուսանողներուն կողմէ առաջարկըւող նորարարական արհեստագիտական գաղափարները: