ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի աթոմական ելեկտրակայանի հիմնովին նորոգութեան աշխատանքները պիտի սկսին 2017 թուականին, որու շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ կայանի շահագործման ժամկէտը երկարաձգել մինչեւ 2026 թուական:
Լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեանը: Անոր համաձայն՝ աթոմական ելեկտրակայանի նորոգութիւնը, նախնական հաշիւներով, պիտի արժէ շուրջ 300 միլիոն տոլար:
Նախարարը անդրադարձած է նաեւ նոր աթոմակայանի կառուցման՝ նշելով, որ այդ առնչութեամբ աշխատանքները հաւանաբար սկսին 2018-2019 թուականներուն: «Նոր ատոմակայանի կառուցումը անխուսափելի եւ անհրաժեշտ է Հայաստանի տնտեսութեան համար: Այսօր բանակցութիւններ կը տարուին Ռուսաստանի եւ այլ երկիրներու հետ, նպատակաուղղուած աշխատանք կը կատարուի, որ նոր ատոմակայանի կառուցման աշխատանքները սկսին 2018-2019 թուականներուն», նշած է նախարարը։
Աթոմական ելեկտրակայանի շահագործման ժամկէտը մինչեւ 2026 թուական երկարաձգելու որոշումը տրուած է կառավարութեան կողմէ՝ Սեպտեմբեր 2013ին։