Ինչպէս արդէն մէկ օր առաջ հաղորդած էինք, Արցախ կ'այցելէ սփիւռքահայ գործարարներու խումբ մը, գլխաւորութեամբ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Յովսէփեանի:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան ընդունեց պատուիրակութեան անդամները եւ իրենց հետ քննարկեց Արցախի մէջ շարք մը ծրագրերու իրականացման հետ կապված հարցեր:
Արցախի նախագահի կողմէ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ Սփիւռքի ներդրումը Արցախի զարգացման եւ շենացման գործին մէջ՝ արժեւորելով նաեւ սփիւռքահայ գործարարներու դերը ԼՂՀ հանրապետութենէն ներս ժամանակակից գործարարական մշակոյթի ձեւաւորման գործին մէջ:
Հանդիպման մասնակցեցան նաեւ ԼՂՀ փոխ վարչապետ Արթուր Աղաբէկլանը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Գեորգի Պետրոսեանը եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
Արցախի նախագահը ընդունեց Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Յովսէփեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ