ԵՐԵՒԱՆ.- 11 Յուլիսին՝ ժամը 15:00ի շուրջ (Երեւանի ժամանակացոյցով) հայ-ատրպէյճանական զօրքերու շփման գիծի հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մարտական յենակէտին մէջ, հակառակորդի կրակոցէն զոհուած է 1994 թուականի ծնունդ զինուոր Մովսէս Նորայրի Գասպարեանը:
Դէպքի մանրամասնութիւնները ճշդելու համար կը կատարուի հետաքննութիւն։
Պաշտպանութեան բանակը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը յայտնէ, թէ կը բաժնեկցի հայ զինուորին ծանր կորստեան ցաւը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Մ. Գասպարեանի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն:
Հակառակորդի Կրակոցէն Հայ Զինուոր Մը Նահատակուած Է
- Details
- Category: Հայաստան-Արցախ