Տեղի ունեցած է ԼՂՀ հռչակման 23-րդ տարեդարձի տօնական ձեռնարկներու կազմակերպման եւ համակարգման կառավարական յանձնաժողովի առաջին նիստը, որ վարած է յանձնաժողովի նախագահ, ԼՂՀ փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը:

ԼՂՀ կառավարութեան հաղորդմամբ, համապատասխան գերատեսչութիւններու պատասխանատուներու մասնակցութեամբ քննարկուած են ձեռնարկներու նախապատրասութեան հետ կապուած շարք մը հարցեր:
Տօնական օրերուն տարաբնոյթ ձեռնարկներ կը նախատեսուին մայրաքաղաքի եւ բոլոր շրջաններու մէջ: Կը կազմակերպուին պաշտօնական ընդունելութիւններ եւ պարգեւատրման արարողութիւն: Արցախի ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ 2014-2015 ուսումնական տարուան առաջին դասը պիտի նուիրուի ԼՂՀ հռչակման օրուան. արիութեան դասին պիտի մասնակցին պատգամաւորներ, կառավարութեան անդամներ, Արցախեան գոյամարտի վեթերաններ: Շուշիի մէջ պիտի բեմադրուի Ա. Տէրտէրեանի «Կրակէ օղակ» օփերան: Համերգային եւ մարզական ձեռնարկներ եւ ժողովրդական զբօսահանդէսներ պիտի կայանան մայրաքաղաքի եւ շրջաններու կեդրոններուն մէջ:
Տօնական հանդիսութիւնները պիտի աւարտին Սեպտեմբեր 2-ին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ՝ համերգով եւ հրավառութեամբ:
Նիստի աւարտին Արթուր Աղաբեկեանը համապատասխան գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն տուած է յանձնարարականներ՝ ձեռնարկները պատշաճ մակարդակով կազմակերպելու ուղղութեամբ: