ԱՓԱ-ի թղթակից Անխանում Հիտայաթովա կը յայտնէ, որ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Վրաստանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպաններու եւ Թուրքիոյ մէջ Բրիտանիոյ գլխաւոր հիւպատոսի հանդիպումը:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ դիւանագէտները այցելած են քաղաքի հին թաղամաս՝ Իչերի Շեհեր եւ «Պաքու» հանրապարտէզ: Անոնք շրջած են եւ ծանօթացած Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մշակութային եւ պատմական յուշարձաններուն: