* Երիտասարդներու մօտ մեծ փափաք կայ ուսանելու արտասահմանեան համալսարաններու մէջ, ինչպէս եւ մեծ է թիւը այն շրջանաւարտներուն, որոնք կը նախընտրեն ուսանիլ մասնագիտական հաստատութիւններու մէջ։

* Յաջորդ կարեւոր պատճառը շրջանաւարտներու թիւի պակասն է։ Ասոնք 1990-ականներու ծնունդ սերունդն են եւ գաղտնիք չէ որ այդ տարիներուն ծնելիութեան համեմատութիւնը շատ ցած էր Ղարաբաղեան պատերազմի եւ ընկերա-տնտեսական ծանր իրավիճակի պատճառով։
* Արտագաղթը:


Ամփոփելով այս տարուան ուսումնական բարձրագոյն հաստատութիւններու մտից քննութիւններու արդիւնքները, գնահատման կեդրոնի տնօրէն Գագիկ Մելիքեան տեղեկացուց որ այս տարի 12 հազար 80 անձեր դիմում կատարած են 24 համալսարաններ ընդունուելու համար։
Անոնցմէ ընդունուած են 2146ը, այսինք դիմողներու մօտաւորապէս 17 տոկոսը։
Այս տարի ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ յատկացուած տեղերը աւելի շատ մեծաթիւ էին, քան դիմողներունը։ Գրեթէ բոլորին մէջ մնացած են բազմաթիւ թափուր տեղեր՝ բացառութեամբ բժշկական եւ երկրագործական համալսարաններուն։ Վերջինին մէջ այս տարի դիմողները ընդունուած են միայն դպրոցի աւարտական գնահատականներով։
Բազմաթիւ չամբողջացած տեղերու առկայութիւնը Գագիկ Մելիքեան կ'առընչէ քանի մը գործօններու։ Երիտասարդներու մօտ մեծ փափաք կայ ուսանելու արտասահմանեան համալսարաններու մէջ։ երկրորդ պատճառն այն է որ էապէս մեծ է թիւը այն շրջանաւարտներու, որոնք կը նախընտրեն ուսանիլ մասնագիտական հաստատութիւններու մէջ։ Յաջորդ կարեւոր պատճառը շրջանաւարտներու թիւի պակասն է։ Ասոնք 1990-ականներու ծնունդ սերունդն են եւ գաղտնիք չէ որ այդ տարիներուն ծնելիութեան համեմատութիւնը շատ ցած էր Ղարաբաղեան պատերազմի եւ ընկերա-տնտեսական ծանր իրավիճակի պատճառով։ Անշուշտ իր դերն ունի նաեւ արտագաղթը։
Երեւանի պետական համալսարանին մէջ թափուր տեղեր կան 24 մասնագիտութիւններու վերաբերող։ Համալսարանի նախագահ Արամ Սիմոնեան յայտնեց, որ սովորաբար դիմողներուն մէկ երրորդը կ'ընտրէ պետական համալսարանը։ Այս տարի եւս այդ միտումը պահպանուած է, այդուհանդերձ՝ այսօր համալսարանը ունի 460 ազատ տեղ։
Սիմոնեան զարմացած է, քանի որ դեռ նախորդ տարի մրցակցութիւն կար օտար լեզուներ, հոգեբանութիւն մասնագիտութիւններու գծով, իսկ այս տարի անոնցմէ քանի մը հատին մէջ ուսանողներուն թիւը 50 տոկոսը չի շրջանցեր։ Վերատեսուչի համաձայն մեծ խնդիրներ կան բնական առարկաներու գծով, ուսողութեան եւ րատիօ-բնագիտութեան, աթոմային բնագիտութեան, տարրաբանութեան ճիւղերու մէջ թափուր տեղեր կան։
Սիմոնեան ըսաւ, որ դիմողներու թիւի նուազումը կրնայ կապուած ըլլայ նաեւ դասախօսական կազմի սեղմումներով, քանի որ յառաջիկայ տարին ելմտական առումով իրենց համար բաւական բարդ պիտի ըլլայ։ Ստիպուած պիտի ըլլան միջոցները խնայել։ Ըստ Սիմոնեանին, արտագաղթը եւս իր դերը ունեցած է այս տարի, սակայն բաւական դժուար եղած են նաեւ մուտքի քննութիւնները, որուն իբրեւ հետեւանք բազմաթիւ դիմողներ իրենց ուսանողները չեն դարձած։ Ան դիտել տուաւ, որ քննութիւնները պէտք է աւելի դիւրաւ յաղթահարելի ըլլային։