Նախագահ Սերժ Սարգսեան 7 Նոյեմբերին ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որ Հայաստան կը գտնուի Հայաստանի ԱԺի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ԱԺի միջխորհրդարանական համագործակցութեան յանձնաժողովի 10րդ նիստին մասնակցելու նպատակով։

Ողջունելով հիւրերը՝ Հայաստանի նախագահը գոհունակութեամբ ընդգծած է, որ վերջին տարիներուն շատ սերտ համագործակցութիւն ձեւաւորուած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի պետական մարմիններուն միջեւ ու այդ առումով յատկապէս շեշտած է միջխորհրդարանական յարաբերութիւններուն վրայ: Սերժ Սարգսեան նշած է, որ խորհրդարանականներուն հետ կայացած նախորդ հանդիպումէն բաւական ժամանակ անցած է, այդ ընթացքին բազմաթիւ իրադարձութիւններ տեղի ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի վերաբերող, ու պատրաստակամութիւն յայտնած է քննարկելու բոլոր այն հարցերը, որոնք կը հետաքրքրեն կամ կրնան հետաքրքրել Լեռնային Ղարաբաղի հասարակութիւնն ու իշխանութիւնները։
Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին՝ հերթական հանդիպման եւ միջխորհրդարանական համագործակցութեան օրակարգի հարցերու քննարկումէն բացի, Հայաստանի ու Արցախի համար արդիական ու կարեւոր շարք մը հարցերու վերաբերեալ օգտակար տեղեկութիւններ հաղորդելուն համար։ Ան նաեւ նշած է, որ ողջունելի է նախագահին պատրաստակամութիւնը՝ նախորդ ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն վերաբերեալ գնահատականներ ներկայացնելու։
Հանդիպման սկիզբը Ա. Ղուլեան նախ ներկայացուցած է Երեւանի մէջ սկսած միջխորհրդարանական նիստի օրակարգային հարցերը, որոնք, ըստ իրեն, կ՛ընդգրկեն նախորդ նիստին յաջորդած ժամանակահատուածի հրատապ բոլոր թեմաները: Անոնք ներառուած են օրակարգի երկու հարցերու մէջ՝ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարաններու մնայուն յանձնաժողովներու միացեալ նիստերու, քննարկումներու եւ միջազգային խորհրդարանական կազմակերպութիւններուն մէջ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի շուրջ ընթացող քննարկումներու ու Հայաստանի պատուիրակութիւններու հաշուետուութիւններու մէջ: Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանի նախագահը եւ պատուիրակութեան կազմին մէջ ներառուած պատգամաւորները նիստի ծիրին մէջ քննարկումներն ու տեղեկատուութեան փոխանակումը նկատած են երկուստեք օգտակար՝ գոհունակութեամբ նշելով, որ երկու հանրապետութիւններու օրէնսդիր մարմիններու միջեւ կ՛աւելնան փոխգործակցութեան նոր եւ արդիւնաւէտ ձեւաչափեր, որոնք աւելի կը խորացնեն միջխորհրդարանական կապերը:
Հիւրերուն խնդրանքով նախագահ Սարգսեան անդրադարձած է Հայաստանի արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան վերաբերող կարեւորագոյն հարցերուն, որոնց կարգին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման բանակցային գործընթացի վերջին զարգացումներուն, Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի միանալու գործընթացին, Հայաստան-Եւրամիութիւն յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարին, սահմանադրական բարեփոխումներու գործընթացին եւ շարք մը այլ թեմաներու, նաեւ պատասխանած է խորհրդարանականները հետաքրքրող հար-ցումներուն:
Հանդիպման աւարտին զրուցակիցները երկուստեք ընդգծած են, որ կայուն եւ ուժեղ Հայաստանը Արցախի անվտանգութեան ու խաղաղութեան գլխաւոր երաշխաւորն է: Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան վստահեցուցած է, որ Արցախի խորհրդարանը այսուհետեւ եւս իր լիազօրութիւններու ծիրին մէջ կարելին պիտի ընէ՝ Հայաստանի հետ կապերու առավել խորացման եւ հայ ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման ու բարօրութեան առաջնորդող քաղաքական միասնական ուղեգիծի իրագործման համար: