Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբն ու Ամերիկայի Յունական հիմնարկը հրապարակած են միացեալ կոչ մը՝ ուղղուած Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն մէջ մրցակցող թեկնածուներ, գործող նախագահ Պարաք Օպամային եւ հանրապետական Միթ Ռոմնիին:

Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Պելճիքայի թագաւորութեան եւ Լիւքսեմպուրկի մէջ Հունգարիոյ հանրապետութեան մշտական դեսպան՝ պարոն Քովաչ Թամաս Իվանին, որ հանդիպման ընթացքին նաեւ կը ներկայացնէր Հունգարիոյ երկու մնացեալ ներկայացուցչութիւնները՝ ՆԱԹՕի ու Եւրոպական Միութեան։

Քոնկրէսականներ Հաուըրտ Պըրմըն եւ Պրետ Շըրմըն (երկուքն ալ՝ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու ազդեցիկ յանձնաժողովի անդամ), Նոյեմբեր 6-ին կայանալիք ընտրութիւններուն, ընտրատարածքներու վերաձեւման պատճառով, ստիպուած են մրցելու իրարու դէմ:

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերով գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի համոզումով, եթէ Հունգարիան իրապէս զղջացած է Սաֆարովը արտայանձնելու հարցով,

Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի հեղինակ, երեսփոխան Վալերի Պուայէ խոստացած է նոր օրինագիծ ներկայացնել: