ՊԱՔՈՒ, «Նիուզ.».- Հունգարիա ոչ միայն անկեղծօրէն գործած է, այլ նաեւ եւրոպական իրաւական չափանիշներու համապատասխան. մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովը Պաքուի յանձնելու ընթացքին,

Հունգարիոյ հանրային ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 7ին յայտարարած է Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթտոր Օրպան:
Օրպանի համաձայն, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ վէճը Հունգարիոյ չի վերաբերիր: «Այդ կռիւը մեր պատճառով չէ, մեր հակամարտութիւնը չէ», պնդած է ան, միժամանակ աւելցնելով, թէ «հակամարտութենէն դուրս մնալը Հունգարիոյ շահերէն կը բխի»:
Օրպան ըսած է, որ երբ որեւէ պետութիւն գրաւոր կերպով կը վստահեցնէ, որ պիտի շարունակէ բանտի մէջ պահել Հունգարիոյ մէջ դա տապարտուած յանցագործը, ապա Հունգարիան հանգիստ խիղճով զայն կը յանձնէ այդ կառավարութեան:

Հունգարական հակազդեցութիւն
Յայտնենք, թէ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Սեպտեմբեր 2ին բողոքի գիր յանձնած էր Ատրպէյճանի դեսպանին, որուն մէջ նշած էր, որ Սաֆարովին ներում շնորհելու քայլը «անընդունելի է»:
Միւս կողմէ, Ռումանիոյ մօտ Հունգարիոյ դեսպանը, իր կառավարութեան անունով, հայ ժողովուրդէն ներում խնդրած է Սեպտեմբեր 7ին: