ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերով գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի համոզումով, եթէ Հունգարիան իրապէս զղջացած է Սաֆարովը արտայանձնելու հարցով,

կ’անհանգստանայ միջազգային եւ ներքին ճնշումներէն եւ կ’ուզէ հարցը արագ փակել, պէտք է ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Tert.am»-ը:

ՀՅԴ ներկայացուցիչը յայտնած է, որ պիտի ուզէր, որ այդ մասին նաեւ բացէ ի բաց յայտնէր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ փոխանակ ըսելու, որ Հունգարիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնելու համար պէտք է սպասել այդ երկրի յստակ քայլերուն՝ եւ առանց նշելու, թէ որոնք են այդ քայլերը:
«Մեր կարծիքով, այդ յստակ քայլերը համարժէք պէտք է ըլլան այն քայլին, որ Հունգարիան ձեռնարկեց, յատկապէս Արցախի հարցով: Այսինքն՝ այն վտանգը, որ իրենց քայլով բարձրացուցին լարուածութիւնը Արցախի խնդիրին մէջ, պէտք է նուազեցնեն քաղաքական դիւանագիտական խնդիրով: Իսկ ատիկա նախ եւ առաջ կ’ենթադրէ, որ անոնք պէտք է ճանչնան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ինքնորոշման իրաւունքը եւ այդ իրաւունքի կիրառման փաստը», ըսաւ ան:
Կիրօ Մանոյեան յառաջիկային Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպում չի կանխատեսեր:
«Երկու նախագահներու հանդիպումէն առաջ արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը պէտք է հարցական նկատել, քանի որ ի՞նչ կարելի է խօսիլ պետութեան մը հետ, որ կը դիմէ նման քայլերու: Նախագահներու մակարդակով հանդիպումը պէտք է բաւական երկար սպասուի, որովհետեւ երթալ  եւ ի՞նչ խօսիլ Ալիեւի նման նախագահի մը հետ», նշեց ան:
Կիրօ Մանոյեան միաժամանակ չբացառեց Արցախի բանակցային ձեւաչափի փոփո- խութիւն, որ, անոր խօսքով, այդքան ալ դրական չի կրնար ըլլալ, քանի որ սխալ պիտի ըլլայ, եթէ դադրեցուին բոլոր հոլովոյթները եւ փորձուի «նոր սկիզբ դնել այս անհասկնալի հոլովոյթին»:
«Փաստը ցոյց տուած է, որ 20 տարի զբաղելով այս հարցով, նաեւ Մինսքի խմբակի համանախագահները հասկցած են, որ հարցին լուծումը կրնայ ըլլալ մէկ պարագայի, որ Արցախը չի կրնար ըլլալ Ատրպէյճանի մաս», ըսաւ ան եւ նշեց, որ փորձել փոխել նաեւ հարցի լուծման ատեանը՝ կը նշանակէ եւս 20 եւ աւելի տարիներ սպասել, որ նոր ատեանը այդ բանը հասկնայ: