Պահն է լուրջ քայլերու  ձեռնարկելու:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը Yerkir.am-ի հետ զրոյցին վստահեցուց, որ հիմա նախ եւ առաջ Հայաստանը պէտք է ԵԱՀԿ անդամ պետութիւններէն, ԵԱՀԿ-ի ղեկավարութենէն, ՆԱԹՕ-էն յստակ կեցուածք պահանջէ թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ՛ Հունգարիոյ քայլերու վերաբերեալ:


«Այս բոլորի հիման վրայ էլ պէտք է եզրակացնել՝ իմաստ ունի՞ շարունակել բանակցութիւնները, թէ՞ ոչ: Սաֆարովը այլեւս Ատրպէյճանում է, եւ ակնյայտ է, որ կրկին չի վերադառնայ բանտ: Խնդիրն այստեղ այն է, որ եթէ այս է Ատրպէյճանի պահուածքը, այսպիսի երկրի հետ ինչպէ՞ս բանակցել, երկիր, որի նախագահը ասում է, որ աշխարհի հայերը իրենց թիւ մէկ թշնամին են, իսկ միւս կողմից էլ՝ քնած հային սպանելու համար հերոսի կոչում է տալիս, զինուորական կոչումը բարձրացնում: Ուրեմն էլ ինչի՞ մասին է խօսքը: Այս պահուածքի համար միջազգային հանրութիւնը եւ յատկապէս այն շրջանակները, որոնք Ղարաբաղի հարցին մօտիկից են առնչւում, պէտք է յստակ իրենց կեցուածքն արտայայտեն»,- նշեց Կիրօ Մանոյեանը եւ ընդգծեց, որ իրենց կեցուածքը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի ոչ մշտական անդամ Ատրպէյճանի մասին պէտք է արտայայտեն նաեւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բոլոր անդամ երկիրները:
Կիրօ Մանոյեանին համար զարմանալի է, որ դեռ ձայն չէ հանած Ֆրանսան՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիր: Միջազգային հանրութեան գնահատականները ստանալու համար, ըստ Մանոյեանի, պէտք է աշխուժ ըլլան ոչ միայն մեր իշխանութիւնները, այլ նաեւ հասարակական կազմակերպութիւնները եւ յատկապէս անոնք, որոնք շփումի մէջ են ատրպէյճանական եւ հունգարական ՀԿ-ներու հետ:
«Բայց որոշ ժամանակ մենք չպէտք է կապ ունենաք ո՝չ հունգարական եւ ո՛չ էլ առաւել եւս ատրպէյճանական կազմակերպութիւններու հետ, երբ խօսքը Հարաւային Կովկասին համար է այս կամ այն նախաձեռնութեան հետ, մի քանի ամիս միանշա- նակ պէտք չէ մասնակցել որեւէ միջոցառման, որպէսզի բոլորը հասկանան, որ այսպէս չի կարելի»,- նշեց ան:
Հարցին, թէ հաւատո՞ւմ է Հունգարիայի իշխանութիւններու անկեղծութեանը, Կիրօ Մանոյեանը պատասխանեց, որ եթէ հաւատանք Հունգարիոյ անկեղծութեան, ապա Հունկարիոյ իշխանութիւնները շատ միամիտ են, բայց Մանոյեանը կը կարծէ, որ այնքան ալ միամիտ չեն: «Հունգարիայի իշխանութիւններն այդ բոլոր փաստաթղթերը հրապարակեցին Հայաստանի վերա- բերմունքից յետոյ միայն, մինչդեռ եթէ իսկապէս անհանգստացած էին, պէտք է անէին արտայանձնելուց անմիջապէս յետոյ»,- նշեց ան:
 Հարցին, թէ, այդուհանդերձ, ո՞րն էր Ալիեւի առաջնային շահը Սաֆարովին ազատ արձակելու հարցով, Մանոյեանը պատասխանեց. «Ալիեւը լրիւ մանկամիտ է, եթէ քնած մարդուն կացնահարողն է իր պատկերացրած ազգային հերոսը... Երազում հերոս տեսած երեխայի նման ցանկացաւ ինքն էլ հերոսանալ: Շատ պարզ մտածողութիւն ունի, որ նման քայլի գնաց՝ առանց հետեւանքները հաշուի առնելու, ցանկանում էր ցոյց տալ, թէ՝ տե՛ս, իմ ժողովուրդ, ես էլ քաջ մարդ եմ: Ալիեւը շատ մանկամիտ դուրս եկաւ...»: