Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի հեղինակ, երեսփոխան Վալերի Պուայէ խոստացած է նոր օրինագիծ ներկայացնել:


Թրքական լրատուամիջոցները՝  յղում կատարելով «Նուվել տ՛Արմենի» պարբերաթերթին, կը հաղորդեն, որ Պուայէ յայտարարած է, որ կը փափաքի աւարտին հասցնել սկսած գործը: «Օրինագիծը անգամ մը եւս խորհրդարանի օրակարգ պիտի մտցնեմ: Մենք տակաւին յոյս ունինք: Առայժմ կը հետեւինք, թէ նախագահ  Ֆրանսուա Հոլլանտ պիտի կատարէ՞ խոստումը, թէ՞ ոչ: Ան յայտարարած էր, որ օրինագիծը օրակարգ պիտի մտցուի, սակայն այսօր Թուրքիոյ նկատմամբ այլ քաղա- քականութիւն կը վարէ», ըսած է Պուայէ:
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի նախագահը յայտարարած էր թէ օրինագիծը դարձեալ քննարկման պիտի բերուի մինչեւ տարեվերջ: