Անգլիոյ առեւտուրի նախարարը՝ Ֆրետերիք  Էռոլ, որ Խորհրդային Միութեան հրաւէրով Մոսկուա գացած էր վերջերս, Սեպտեմբեր 17-ին իր կնոջ հետ Երեւան ժամանած եւ օդակայանին մէջ ընդունուած է պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու կողմէ:

Անգլիացի նախարարը քաղաքավարական այցելութիւն մը տուած է Հայաստանի նախարարներու խորհուրդի նախագահին Ա. տեղակալ Ս. Մովսիսեանին: Ապա այցելած է ժողովրդային տնտեսութեան եւ գիւղատնտեսութեան ցուցահանդէսները:

Ֆրանսացի ճարտարապետներու պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ փարիզցի ծանօթ ճարտարապետ Ֆրանսուա Քանի, Հայաստան այցելած է վերջերս: Օտար այցելուները մեծ տպաւորութիւն կրած են հայկական ճարտարապետութենէն: Հայաստանի հեռագրական գործակալութեան թղթակիցին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ֆրանսայի պատուիրակութեան նախագահը, դիտել տալէ ետք, թէ հիացողն է հայ ժողովուրդի աշխատունակ կամքին եւ շինարար յատկութիւններուն, հետեւեալ ձեւով բնորոշած է հայ ճարտարապետներուն աշխատանքը… «Հայ ճարտարապետները կ'աշխատին մեծ գիտակցութեամբ եւ պատասխանատուութեան զգացումով՝ հանդէպ իրենց ժողովուրդին եւ պատմութեան»: Յատկանշական է Փարիզի Արուեստներու եւ արհեստներու բարձրագոյն ազգային ուսումնարանի շինարարութեան պատմութեան դասախօս Ժան-Պաթիսթ Աշի յայտարարութիւնը. «Հին հայկական ճարտարապետութեան ծանօթացած եմ գիրքերէն: Միջնադարեան ճարտարապետութեան համար անոր արժէքը ծանօթ է: Այսուհանդերձ, Հայաստանի ժամանակակից ճարտարապետութիւնը կատարեալ յայտնութիւն մը եղաւ ինծի համար»: Պատուիրակութեան անդամ, քաղաքաշինութեան մասնագէտ Պեռնար Լամ յայտարարած է, թէ՝ «հակառակ անոր որ մեծ յաջողութիւններ արձանագրուած են, այսուհանդերձ, բնակարաններու պակասը զգալի է. վստահ եմ, որ ձեր ջանքերուն շնորհիւ այդ խնդիրը նոյնպէս մօտիկ ապագային կը լուծուի յաջողութեամբ»: