Գոքինիոյ Համազգայինի վարչութիւնը, անցեալ Չորեքշաբթի օր, Հոկտեմբեր 8-ին, գեղեցիկ հաւաքոյթ մը կազմակերպած էր Զաւարեանի մէջ, ի պատիւ Երգչախումբի անդամ-անդամուհիներուն։

Ներկայ էին՝ Երգչախումբի Գոքինիոյ բոլոր անդամ-անդամուհիները եւ խումբ մըն ալ Երգչախումբի Ֆիքսի անդամներէն։ Նմանապէս ներկայ էին՝ Երգչախումբի վաստակաւոր խմբավար՝ պրն. Յակոբ Փափազեան, դաշնակահարը՝ պրն. Յակոբ Ճէլալեան, ընկերներ Օննիկ Զաքարեան եւ Դանիէլ Դանիէլեան։ Հաւաքոյթին բացումը քանի մը խօսքով կատարեց ընկեր Կարօ Աւագեան, նախ շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն, որ փութացած էին պատասխանել վարչութեան հրաւէրին։ Ապա ըսաւ՝ թէ վարչութիւնը ուզած է չորս ամսուան դադարէ ետք երգչախումբի շաբաթական փորձերուն սկսելէ առաջ կազմակերպել այս հաւաքոյթը, անդամ-անդամուհիները քով քովի բերելու, քանի մը հաճելի ժամ միասին անցնելու եւ այս առթիւ նաեւ երգչախումբի նոր շրջանի գործունէութիւնը ծրագրելու համար։  Ընկ. Աւագեան ապա կարգով խօսելու հրաւիրեց ընկ. Դանիէլ Դանիէլեանը, Օննիկ Զաքարեանը եւ պրն. Յակոբ Ճէլալեանը։ Բոլոր խօսողներն ալ իրենց գնահատանքի խօսքը ուղղեցին երգչախումբի անդամներուն ու ղեկավար պրն. Յ. Փափազեանին, իրենց տարած աշխատանքին համար, ի նպաստ հայ երգին ու մշակոյթին։ Շեշտեցին հայ երգին մեծ դերը՝ մեր կեանքի ներկայ պայմաններուն մէջ եւ թելադրեցին աւելի զօրացնել երգչախումբը՝ նոր անդամներով, որովհետեւ, Համազգայինի երգչախումբը մեր բոլոր հանդէսներուն համն ու հոտը եւ իրական զարդն է։ Ներկաներու փափաքին վրայ, քանի մը խօսք ըսաւ նաեւ խմբավար՝ Յ. Փափազեան, որ գնահատեց երգչախումբի անդամներուն նուիրումն ու զոհողութեան ոգին եւ յոյս յայտնեց որ, անոնք այսուհետեւ ալ պիտի շարունակեն կանոնաւոր կերպով հետեւիլ երգչախումբի փորձերուն, աւելի փայլուն կերպով հանդէս գալու եւ հայ երգը պանծացնելու համար։ Վարչութիւնը պաղպաղակով մեծարեց ներկաները։ Ապա՝ սկսան պարերը, որ շարունակուեցան ուրախ մթնոլորտի մէջ։