Երեւանի Ժողովրդական Ստեղծագործութեան  Տան մէջ ցուցադրուած են բազմաթիւ եւ բազմազան գեղարուեստական նշոյշներ՝ նկարազարդուած քարէ սափորներ, գեղեցիկ զորգեր, արծաթեայ սկահակներ, իւղաներկ նկարներ, մարմար, եղնգաքար, երկաթաքար՝ գոյն եւ երանգ ստացած քանդակագործին ձեռքով։

Առաջին աչքի զարնող գործը եղնգաքարէ պատրաստուած սկուտեղ մըն է՝ լեցուն խաղողի ողկոյզներով, դեղձով, ընկոյզով, որոնք բոլորն ալ բնական տեսք ունին։ Կողքին՝ արծաթեայ սափոր մը, որուն գծագրական գեղեցիկ պատկերը ոստայնի մը պէս կը պարուրէ գաւաթը վերէն վար։ Հեղինակն է երիտասարդ քարտաշ Հրաչ Ստեփանեան։ Անսովոր սկահակ մը պատրաստուած է Յակոբ Ազատեանի կողմէ։ Սկահակը ծիրանի ծառի մը ամբողջական փայտէն շինուած է, մօտ 30 սանթիմեթր բարձրութեամբ։ Խաղողի որթերու, ողկոյզներու, դեղձենիի եւ այլ տերեւներու տակէն ժպտող պտուղներու հիւսուածքէ մը կազմուած է սկահակը։ Մեծ հռչակ կը վայելեն հայ մանրափորագրիչները։ Ասոնցմէ մէկը՝ Եգ. Ղազարեան տարօրինակ փորագրութիւն մը ըրած է։ 3,5 սանթիմեթր երկարութեամբ մարդու սովորական մազի մը վրայ քանդակած է երեք հարիւր փիղերէ կազմուած կարաւան մը, որ կը տեսնուի զօրաւոր խոշորացոյցի մը միջոցաւ միայն։ Շինած է նաեւ մետաղէ թրաքթէօր մը՝ ցորենի կէս հատիկի մեծութեամբ, 54 սմ սերէ բաղկացած եւ վեցուկէս կրամնոց ջութակ մը։ Ատենին, երիտասարդ վարպետին այս երկու գործերը մեծ աղմուկ բարձրացուցած էին, երբ «Պերլինէր Ցայթունկ» թերթը անոնց մասին գրած էր։ Բազմաթիւ ընթերցողներ ապացոյցներ պահանջած էին եւ թերթը դիմած էր Ղազարեանի։ Քանի մը շաբաթ ետք, նոյն ձեւի գործ մը փարատած էր կասկածները։ Երիտասարդ մանրափորագրիչը, իր գործիքները ինք կը պատրաստէ։ Այս գործիքներուն ծայրերը այնքան նուրբ են, որ անտեսանելի են պարզ աչքով։ Գործածելու համար պէտք է օգտագործէ զօրաւոր խոշորացոյց մը, որպէսզի կարենայ տեսնել մանրագոյն առարկաները։ Երբ կը սկսի փորագրել որեւէ զարդանկար մը, պէտք է անպայման տեղնուտեղը, առանց ձեռքը վերցնելու, աւարտէ, որովհետեւ անկարելի է երկրորդ անգամ գործիքին ծայրը դնել միեւնոյն կէտին վրայ։